image

«Պատիւս արժանաւորաց»

«Պատիւս արժանաւորաց»

Այսօր Հայաստանի մէջ պիտի նշուի հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեանի ծննդեան  90-ամեակը:   

Հայաստանի գրողներու միութիւնը եւ մասնաւորապէս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը գեղեցիկ միտք յղացած է ըստ արժանւոյն յիշելու եւ նշելու գրողի մը յոբելեանը, որուն կեանքի իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին թելադրական շեշտերով կ'ուրուագծուի երկիր Հայաստանը: Թորանեան,  ամէն բանէ  առաջ  հայրենասէր գրող  է:  Հեռու ձեւական մօտեցումներէ եւ  կեղծ բարոյախօսութենէ՝ ան  իր կեանքի կարեւոր մէկ մասը յատկացուցած է խօսելով իր ու մեր հայրենիքին մասին:

Ուր որ գտնուած է՝ սիրած է ներկայացնել այդ հայրենիքը եւ որու հետ որ զրուցած է, ուզած է բացատրել եւ ապացուցել, որ առանց հայրենիք- Հայաստանին անհեթեթ  եւ  անիմաստ  են մեր բոլոր պսակումները:

 

Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Պէյրութի, Նիկոսիոյ, Ամմանի, Աթէնքի  եւ նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ իր ունեցած ելոյթներուն ընթացքին Թորանեան խօսած է  յանուն  Հայաստանի:  Եւ ուր որ գտնուած է՝ փորձած է ամէն գնով  «կտոր մը  Հայաստան»  կերտել:

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած պայմաններուն հետ Թորոս  Թորանեան, կամ ինչպէս շատերը  կը սիրեն զինք անուանել Տոքթոր Թորոսը շատերու նման տեղափոխուած է Հայաստան:

Եւ ուշագրաւն այն է, որ միշտ եռանդուն մնալով, ոչ մէկ անգամ դժգոհութիւն յայտնած է տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն առթիւ:

Հեշտ չեղաւ հալէպահայերուն վիճակը: Մեծ կորուստներով եւ ծանր պատերազմի  դրուագներով պատուեցաւ անոնց կեանքը:

Ու այս  բոլորին առընթեր պարզ էր ու բնական, որ շատ մը սուրիահայեր դժգոհութեամբ պիտի  խօսէին  իրենց նոր միջավայրին ու պայմաններուն մասին:

Շատ բնական պիտի համարել այդ դժգոհութիւնը ու մեծապէս գնահատել այն մարդիկը, որոնք ինչ-ինչ դժուարութիւններէ անցնելով հասան ապահով ափ ու   քաջալերեցին իրենց  հայրենակիցները, որ նոյն քայլին դիմեն:

Տոքթորը եղաւ անոնցմէ, որ բառին ամբողջական իմաստով ապրեցուց այդ  սէրը:

Սէրը առ հայրենիք ու հաւատքը աւելի պայծառ ու խաղաղ երկինք մը ունենալու իմաստով:

Այսօր  այդ  հայրենիքը կը  պատուէ իր որդին: 

Պատիւը մէկու մը, որուն գիտակցական կեանքի բոլոր գարուններուն մէջ հայրենիքը եղած է մշտական  ներկայութիւն:

Ի պատիւ մեր նուիրեալներու եւ ի փառս հայրենիքի սահմանները իրենց արիւնով պահպանող հերոսներուն:

Թորանեանի համար ամէնէն մեծ վկայութիւնը հայրենիքի սահմանները ապահով  ու յաղթական տեսնելն  է:

Թորոս Թորանեան այսօր ի պատուի է  ու զինք  պատուելով պատուած պիտի ըլլանք Մեծ Եղեռնի  գեհենէն անցած մեր նախնիներու յիշատակը:

Անոնց, որոնք  ծնունդ  առին  գեհէնէն մէկ  քայլ անդին  ու վճռեցին հպարտ հայացքով  քալել կեանքի ճանապարհով:

 

«Արեւելք»