image

Պատգամաւոր Արման Պապաջանեանը դուրս պիտի գայ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութենէն

Պատգամաւոր Արման  Պապաջանեանը դուրս  պիտի գայ «Լուսաւոր Հայաստան»  խմբակցութենէն

ՀՀ Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արման Պապաջանեանը ցանկութիւն ունի դուրս գալ խմբակցութիւնէն, սակայն պատգամաւորական մանդատը վայր դնելու մասին որոշում դեռ չէ կայացուցած: Այս մասին Պապաջանեանը յայտնած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջով:

«Մենք ընդդիմութեան կողմէն չենք տեսած ստեղծարարութիւն, նախաձեռնողականութիւն եւ նորարարութիւն: Ընդդիմութիւնը ձախողած է իշխանութիւնէն աւելի լաւը ըլլալու, ապագայի յոյսի իր առաքելութիւնը, ինչպէս որ ձախողած է իշխանութեանը այլընտրանք ըլլալու իր կարեւորագոյն դերակատարութեան հարցին մէջ: Վերը նշուած պատճառները եւ գործօնները այլեւս անհամատեղելի կը դարձնեն   զիս Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան հետ,  բան մը, որ  ցաւօք,  զիս  ստիպած է խմբակցութիւնէն դուրս գալու դժուարին որոշումը կայացնել: Այդ մասին պիտի յայտարարեմ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նստաշրջանի մեկնարկի ընթացքին: Յառաջիկային պիտի տեղեկացնեմ՝ արդեօք կը հրաժարի՞մ նաեւ պատգամաւորական մանդատէն, թէ՞ քաղաքական ակտիւ գործունէութիւնս  պիտի  շարունակեմ անկախ պատգամաւորի կարգավիճակով»,- գրած է Պապաջանեանը: