ՀՀ Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արման Պապաջանեանը ցանկութիւն ունի դուրս գալ խմբակցութիւնէն, սակայն պատգամաւորական մանդատը վայր դնելու մասին որոշում դեռ չէ կայացուցած: Այս մասին Պապաջանեանը յայտնած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջով:
«Մենք ընդդիմութեան կողմէն չենք տեսած ստեղծարարութիւն, նախաձեռնողականութիւն եւ նորարարութիւն: Ընդդիմութիւնը ձախողած է իշխանութիւնէն աւելի լաւը ըլլալու, ապագայի յոյսի իր առաքելութիւնը, ինչպէս որ ձախողած է իշխանութեանը այլընտրանք ըլլալու իր կարեւորագոյն դերակատարութեան հարցին մէջ: Վերը նշուած պատճառները եւ գործօնները այլեւս անհամատեղելի կը դարձնեն զիս Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան հետ, բան մը, որ ցաւօք, զիս ստիպած է խմբակցութիւնէն դուրս գալու դժուարին որոշումը կայացնել: Այդ մասին պիտի յայտարարեմ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նստաշրջանի մեկնարկի ընթացքին: Յառաջիկային պիտի տեղեկացնեմ՝ արդեօք կը հրաժարի՞մ նաեւ պատգամաւորական մանդատէն, թէ՞ քաղաքական ակտիւ գործունէութիւնս պիտի շարունակեմ անկախ պատգամաւորի կարգավիճակով»,- գրած է Պապաջանեանը: