2 Յուլիս 2021-ին Սահմանադրական դատարանին մէջ գրանցուած է Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած «Հայաստան» դաշինքի դիմումը՝ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու կամ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու եւ մանտաթներու բաշխման կարգը սահմանելու կամ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ նշանակելու պահանջով։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՍԴ մամուլի ծառայութենէն:
Ժամը 10։40 -ի դրութեամբ ընտրութիւններու արդիւնքներու հետ կապուած այլ դիմումներ չեն ներկայացուած:
Նշենք, որ այսօր կը լրանայ ընտրութեան մասնակցած քաղաքական ուժերու՝ Սահմանադրական դատարան դիմելու եւ ընտրութեան արդիւնքները վիճարկելու ժամկէտը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ