Սուրիոյ նախագահ Ասատ յայտնած է, որ Ռուսիոյ վարչապետի այցը Դամասկոս առիթ է առկայ նախագիծերուն զարկ տալու եւ նախորդ երկու տարիներու ընթացքին գոյութիւն չունեցած նոր նախագիծերու մեկնարկին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Ասատ շեշտած է, որ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները աւելի քան 6 տասնեակ տարիներու պատմութիւն ունին, եւ մշտապէս այդ յարաբերութիւնները քաղաքական կողմին զարկ տուած են, ու յատկապէս այսօրուան պատերազմական իրավիճակին մէջ, քաղաքական կողմին վրայ կեդրոնացումն առաւել մեծ է:
«Ահաբեկիչներու դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ ձեռք բերուած յաջորդական յաղթանակները առիթ կը ստեղծեն Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկիչներու կողմէ իրագործուած աւերածութիւնները վերացնելու արագացման, որ եւ առաւել լայն տնտեսական հորիզոններ ու առիթներ կը բանայ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան»,- նշած է Ասատ:
Վերջինս յայտնած է նաեւ, որ հակառակ ահաբեկչական գլխաւոր ուժերու վերացման, սակայն Սուրիոյ պատերազմը պիտի չաւատրի, մինչեւ վերջին ահաբեկիչի ոչնչացումը:
«Ըսել, որ պատերազմն աւարտած է, տրամաբանական պիտի չըլլայ, սակայն կրնանք յայտարարել, որ կարեւոր քայլեր ու հանգրուաններ յաղթահարած ենք այս պատերազմին մէջ: «Տահէշ»ի գլխաւոր կայանատեղիներու վերացումն արդէն իսկ խոշոր յաղթանակ է»,- շեշտած է Ասատ: