Իրաքի մէջ լրատուական գործունէութիւնը կարգաւորող Լրատուութեան եւ կապի կոմիտէն երկու քրտական հեռուստակայաններու սփռումը կասեցնելու հրաման արձակած է, մեղադրելով զանոնք բռնութիւն եւ ատելութիւն քարոզելու մէջ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Հեռարձակման կասեցման որոշումը կայացած է քրտական «Ռուուտաու» լրատուական ցանցին եւ «Քիւրտիստսան 24» կայանին դէմ, որոնք իրաքեան Քիւրտիստանը ղեկավարող Դեմոկրատական կուսակցութեան համակիրներ են:
«Ռուուտաու» լրատուական ցանցի ընդհանուր տնօրէն Աքու Մուհամմատ յայտնած է, որ ցանցի աշխատանքի խափանման հետ մէկտեղ հրաման արձակուած է ցանցին պատկանող սարքաւորումներու առգրաւման, միաժամանակ կոչ ուղղելով իրաքեան կառավարութեան, ինչպէս նաեւ ազատութիւններու համար պայքարող մարմիններուն աշխատանք կատարելու նշուած խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ, որովհետեւ այն կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Իրաքի, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ լրատուական գործունէութեան մասին կարծիքի ձեւաւորման վրայ: