image

Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի ղեկավարներու վեհաժողովը՝ Պաղտատի մէջ

Իրաքի, Եգիպտոսի եւ   Յորդանանի  ղեկավարներու վեհաժողովը՝ Պաղտատի մէջ

Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ այսօր ընթացք  առած է եռակողմ գագաթաժողով մը, որուն  հիւրընկալ Իրաքէն զատ  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եգիպտոսի նախագահն ու  Յորդանանի թագաւորը։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց ՝«Սքայնիւզ Արապիա» կայանէն։

 Կը  նշուի, որ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Ալ Քազէմի աւելի վաղ  այս գագաթաժողովին մասին խօսելով ըսած էր, որ  ժողովը կը հետապնդէ  երեք երկիրներուն միջեւ առկայ տնտեսական կապերը  բարելաւել եւ ստեղծել համագործակցութեան նոր առիթներ։

Լրատուական աղբիւրներ, որ ժողովին մասին վերլուծական լուրերով հանդէս եկած են,  յայտնած են, որ տարբեր առումներով ժողովը  կարեւոր է, մանաւանդ որ երեսուն տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով  եգիպտացի նախագահ մը Պաղտատ կ՚այցելէ։