image

Պաղեստինի վերաբերեալ սէուտական ամենավտանգաւոր փաստաթուղթը

Պաղեստինի վերաբերեալ սէուտական ամենավտանգաւոր փաստաթուղթը

Օրերս պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթ մը բացայայտուած է, որ Սէուտական Արաբիոյ հիմնադիր Ապտ Ալ Ազիզ Ալ Սուուտի ձեռամբ գրուած է, ուր վերջինս հաւանութիւն տուած է Պաղեստինը հրեաներուն եւ Բրիտանիոյ յանձնելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Փաստաթուղթին մէջ Ապտ Ալ Ազիզ նշած է. «Ես՝ Ապտ Ալ Ազիզ Պին Ապտ Ալ ռահման Ֆայսալ Ալ Սուուտս, Մեծն Բրիտանիոյ պատուիրակ սըր Փըրսի Քոքսին հազար անգամ կը յայտարարեմ ու կը հաստատեմ, որ ոչ մէկ արգելք ունիմ Պաղեստինը խեղճ հրեաներուն կամ այլոց յանձնելուն, այնպէս, ինչպէս յարմար կը գտնէ Բրիտանիա, որուն խօսքէն չեմ շեղիր մինչեւ վերջին ժամս»: