Հալէպի յայտնի «Պարոն հոթէլ»ի սեփականանտիրոջ աճիւնները Ազգային գերեզմանատուն պիտի փոխադրուին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Յիշեցնենք, որ կնոջ անունն է Օլիվիա Սթրիմզ (նախնական տուեալներով անգլիուհի է) եւ ան թաղուած է Քարմէլիթներու վանքին մօտ եղող հողատարածքի մը մէջ:
Յայտնենք նաեւ, որ Հալէպի պատերազմին հետեւանքով անհնար է հասնիլ Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ գտնուող գերեզմանատուն եւ ազգային մարմիններուն կարգադրութեամբ Հալէպ մահացող հանգուցեալներուն մարմինները կ'ամփոփուէին Քարմէլիթներու վանքին մօտ գտնուող հողամասի մը մէջ, եւ այդ կարգադրութինը ժամանակաւոր էր: Հալէպի մէջ խաղաղութեան ամրացումէն ետք ընթացք առած է հանգուցեալներու աճիւններուն տեղափոխումը, որ կը կատարուի Ազգային մարմիններու վերահսկողութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Օլիվիա Սթրիմզ մայրն է «Պարոն Հոթէլ»ի սեփականատէր Արմէն Մազլումեանի, որ մէկ տարի առաջ կնքած էր իր մահկանացուն: