«The Monitor» թերթի Ուաշինկթընի լրագրող Լորա Ռոզըն անդրադարձած է «Ռօյթըրզ»ի պատրաստած նիւթին, որ կը պատմէ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահ Ալի Մամլուքին տուած այցելութեան մասին:
Ըստ լրատուական գործակալութեան, ամերիկացի պաշտօնեան Պէյրութէն Դամասկոս անցնելով այնտեղ հանդիպում ունեցած է Մամլուքիի հետ, սակայն «CIA» ոչ մէկ անդրադարձ կատարած է տեղի ունեցածին:
Ռոզըն նշած է, որ ըստ քաղաքագէտներու, ԱՄՆ կը պատրաստուի գաղտնի բանակցութիւններ վարել Դամասկոսի հետ, իր մօր գտնուող ամերիկացի բանտարկեալները վերադարձնելու նպատակով:
Ռոզընի կարեւորած է նման անմիջական շփումը ամերիկացի ու սուրիացի պաշտօնեաներուն միջեւ, միաժամանակ յիշել տալով, որ «CIA»ի նախկին տնօրէն Մայք Պոմպիօ նոյնպէս անցնող յունուարին փորձած է գաղտնի կապ հաստատել Մամլուքի հետ, ամերիկացի լրագրող Ուսթին Թայսի ազատ արձակման համար միջնորդելու նպատակով:
Ռոսզըն, վկայակոչելով «Ռօյթըրզ»ի յայտարարութիւնը, նշած է, որ քանի մը այլ ամերկացիներ նոյնպէս բանտարկուած են Սուրիոյ մէջ, որոնց թուին են «CIA»ի աշխատակիցներ: