Նոր խմորումներ տեղի կ'ունենան Լիբանանի նախագահի ընտրութեան օրակարգով: Մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսին նախագահական գլխաւոր թեկնածուներէն համարուող Զօր. Միշէլ Աունի՝ Րիատ տալիք այցելութեան մասին: Աուն, որուն նախագահ դառնալու վարկածը վերջին ամիսներուն տեղի տուած էր, այսօր դարձեալ կը հանդիսանայ քրիստոնեայ ուժերու մեծամասնութեան հիմնական թեկնածուն: Րիատի եւ Թեհրանի ազդեցութեան գօտիներուն եւ բախման կէտերուն մէջ յայտնուած Լիբանանի նախագահական աթոռը կրնայ «փրկութեան լաստ»ի վերածուիլ, եթէ սէուտցիներու հետ Աունի սպասուած հանդիպումը դրական արդիւնքներով աւարտի: Սպասուած յաջողութիւնէն եւ նախապայմաններու ու ընդհանուր պայմանաւորուածութիւններու հասնելէ ետք է միայն, որ սկիզբ կ'առնէ նախագահի ընտրութեան գործընթացը, որ սակայն այդքան ալ դիւրին հանգրուան մը չէ: Հակառակ Աունի ղեկավարած «Ազգային ազատ հոսանք»ի մէկէ աւելի պատասխանատուներու արտայայտած մտքերուն եւ լաւատեսութեան, պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Րիատ վերջին եւ կարեւորագոյն քուէարկողը չէ լիբանանեան խորհրդարանի նախագահ ընտրելու քուէասնտուկին մէջ: Րիատին հետ համատեղ նոյնքան կարեւոր է նաեւ Թեհրանի կարծիքը: Ու այստեղ է, որ գլխաւոր հարցադրում մը ծնունդ կ'առնէ, արդեօ՞ք «Հըզպալլա» համամիտ պիտի ըլլայ Աունի Պաապտա հասնելուն: Րիատի մէջ ըլլալիք շփումներուն արդիւնքները կարեւոր են ու այդ նախնական համաձայնութիւններէն ետք է միայն, որ պիտի վճռուի Աունի նախագահ դառնալու ծրագրին իրականացումը: Եթէ ընդունինք, որ Մարոնիթ Զօրավարին մօտիկ անցեալի փորձը դրական կողմերէ աւելի ունի նաեւ ժխտական երեսակներ, պէտք է հասկնանք նաեւ լիբանանցիներու կարեւոր տոկոսի մը վերապահութիւնները անոր անունին առնչութեամբ: Ամէն պարագայի սակայն այսօր, ինչպէս երէկ, Լիբանանի նախագահ ընտրելու գործընթացներուն հիմնական մէկ մասը կը պատրաստուի Լիբանանէն դուրս: Ու ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ ներկայ պահու դրութեամբ շրջանին մէջ տակաւին հասունցած չէ Թեհրան- Րիատ հասկացողութիւններու ընդհանուր գետին մը եւ այդ մէկը կրնայ մեծագոյն արգելքը դառնալ նախագահի ընտրութեան օրակարգին իրականացման առջեւ: