Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի իշխանութիւնն անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէի կազմակերպմամբ «ինքզինք կրակը նետած է» եւ ստիպուած պիտի ըլլայ կրել անոր հետեւանքները, կը գրէ թրքական «Այտընլըք» պարբերականը:
«Ոմանք իրենք զիրենք կրակը նետելու հետեւանքով լաւ պիտի այրին», - ըսած է Էրտողան
Թուրքիոյ առաջնորդը մեղադրած է Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարազանին նման քայլ կատարելէ առաջ այդ հարցը հարեւաններուն ու պաշտօնական Պաղտատին հետ չքննարկելու համար։
«Դուն մեր հետ խօսեցա՞ր, Իրանին հետ խօսեցա՞ր, դաշնային պետութեան հետ խօսեցա՞ր: Ինչպէ՞ս այսպիսի քայլ կը կատարես», - ըսած է Էրտողան:
Ան հեգնած է Պարազանին, ըսելով, որ վերջինս պետութիւն կառավարելը կը պատկերացնէ ցեղապետի պէս հարց լուծելով, մինչդեռ այն այդպէս չէ:
«Հիւսիսային Իրաքի մէջ, նստած տեղդ, ամէն ինչ ունիս. դրամ ունիս, նաւթ ունիս, հանգիստ նստի'ր տեղդ», - դիմած է Էրտողան Պարազանիին:
Աւելի վաղ Էրտողան սպառնացած էր Իրաքեան Քիւրտիստանին, յայտարարելով, որ գիշեր մը կրնան անսպասելի կերպով խուժել երկրի տարածքը: