Յաջորդ շաբաթ Գերմանիան Պէյրութի նաւահանգիստը վերականգնելու բազմամիլիառանոց նախագիծ պիտի ներկայացնէ Լիբանանի իշխանութիւններուն, որպէսզի երկրի քաղաքական գործիչները խրախուսէ ձեւաւորելու կառավարութիւն, որ կրնայ կանխել նիւթական փլուզումը, կը հաղորդէ Reuters-ը: Պերլինը 7 ապրիլին առաջարկ պիտի ներկայացնէ այն մասին, որ Եւրոպական ներդրումային դրամատունը համաձայնած է օգնել տարածքի մաքրման եւ վերանորոգման ֆինանսաւորման հարցով: Աղբիւրներէն մէկը պերլինեան նախագիծի ֆինանսաւորումը 2-3 միլիառ եւրօ գնահատած է:
Դիւանագիտական աղբիւրները նշած են, որ լիբանանեան քաղաքական վերնախաւը նախ պէտք է համաձայնութեան գայ նոր կառավարութեան կազմի շուրջ, որպէսզի պետական ֆինանսները շտկէ եւ քորուփցիան (փտածութիւնը) արմատախիլ ընէ: Այդ պայման է, որ ներդրողները, ներառեալ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը, կը պնդեն՝ նախքան միլիառաւոր տոլարներու օգնութիւնը բանալը: «Այս ծրագիրը առանց պարտաւորութիւններու չըլլար»,- ըսած է աղբիւրներէն մէկը: Նաւահանգիստի աղէտէն ութ ամիս անց շատ լիբանանցիներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց ընտանիքը, տուներն ու ձեռնարկութիւնները, դեռ կը սպասեն պայթումի հետաքննութեան արդիւնքներուն: Լիբանանը փլուզման եզրին է՝ գնորդները կը վիճին ապրանքներու շուրջ, ցուցարարները կը փակեն ճանապարհները, կը փակուին ձեռնարկութիւնները: Արտասահմանեան նուիրատուները յայտարարած են, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է հաստատուն մանտաթ ունենայ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնելու համար, ներառեալ կեդրոնական դրամատան հաշուետուութիւնը:
Նաւահանգիստէն բացի, Գերմանիոյ առաջարկը կը նախատեսէ վերակառուցել յարակից աւելի քան 100 հա տարածք, որ, ըստ երկու դիւանագիտական աղբիւրներու, համահունչ պիտի ըլլայ Պէյրութի կեդրոնի վերակառուցման: Աղբիւրները նախագիծի արժէքը կը գնահատեն 5-15 միլիառ տոլար եւ կ'ըսեն, որ այն կրնայ մինչեւ 50 000 աշխատատեղ ստեղծել: Լիբանանի պաշտօնական ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսան եւ Ֆրանսայի նաւահանգիստները ու բեռնարկող (container) բեռնափոխադրումներ իրականացնող CMA CGM ընկերութիւնը նոյնպէս հետաքրքրուած են վերանորոգման նախագիծով: