image

Հայ Ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով իրավիճակը հանգիստ է

Հայ Ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով իրավիճակը հանգիստ է

7 եւ 8 մայիսին, ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով անմիջական մարտավարական կայուն իրավիճակը պահպանուած է: Սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ եւս իրավիճակը չէ փոխուած:

ՀՀ զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով եւ կը կատարեն առաջադրուած խնդիրները: