«Քորոնա» վարակին հետեւանքով Նիւ Եորքի մէջ մահացած է Հրաչեայ Ճանիկեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Նիւ Եորքի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, թէ 52-ամեայ Ճանիկեան չէ ունեցած առողջացած ոչ մէկ խնդիր եւ ընդամէնը շաբաթ մը առաջ փոխադրուած է հիւանդանոց ու երէկ ՝ կիրակի օր կնքած է իր մահկանացուն։
Հանգուցեալը, որ եղած է հայկական շրջանակներու մէջ աշխոյժ անձնաւորութիւն մը, մասնակցած է նաեւ Նիւ Ճըրզի բնակող մեր հայրենակիցներէն Վարդան Ապտոյի հիմնադրած հեռուստաժամի կազմակերպական աշխատանքներուն։