Անցնող 48 ժամերուն երկրորդ անգամն ըլլալով հակառակորդը ներթափանցման ձախող փորձ կատարած է հայկական սահմանային դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որուն հաւաստմամբ թշնամին հայկական ուժերու ուժեղ դիմադրութեան բախելով ետ շպրտուած է: Հայկական կողմը կորուստներ չունի մինչ թշնամի Ազրպէյճանի բանակի երկու զինուորներ սպաննուած են եւ կան նաեւ վիրաւորներ: Նշենք, որ երէկ Ղարաբաղ- ազրպէյճան ամբողջ սահմանային երկայնքին գրանցուած է 5500 կրակոց: