Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ երեքշաբթի 15 մարտին Կիպրոս կը ժամանէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեանին պիտի ընկերակցի 32 հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որոնց կարգին՝ չորս նախարարներ: Պաշտօնական հանդիպումներէ անդին նախագահ Նիքոս Անաստասիատիսի հետ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի կառավարութեան ղեկավարութեան հետ, ան հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ կիպրահայ գաղութի կուսակցութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք ան պիտի դասախօսէ Կիպրոսի Պետական համալսարանին մէջ: Տեղեկութիւնը ստացած ենք Կիպրոսի «Արձագանք» պարբերականէն: