Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Նիկոսիոյ մէջ Կիպրոսի նախագահին կողմէ ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ընթացքին ընդգծած է հայ- կիպրական բարեկամութեան կարեւորութիւնը: Հայաստանի նախագահը նաեւ դիտել տուած է, որ երկու՝ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները նոյնանման պատմական անցեալ եւ տառապանք կրած են: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, երկու ժողովուրդները միասին պիտի շարունակեն յանուն արդարութեան տարած իրենց պայքարը: Ան, դրուատելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, նկատել տուած է, որ Կիպրոս եւ Հայաստան բարձր մակարդակի դրական միասնական գործունէութիւն կը տանին եւրոպական տարբեր ատեաններու մէջ: