image

Նախագահ Ասատ Ռուսաստան մեկնած է բեռնատար օդանաւով

Նախագահ Ասատ Ռուսաստան մեկնած է բեռնատար օդանաւով

Թրքական լրատուամիջոցները երէկ լուր տարածած են, թէ Սուրիոյ նախագահ Ասատ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ հանդիպման համար Սոչի մեկնած է ռուսական բեռնատար օդանաւով, հատելով թրքական օդային սահմանները:

Թրքական ընդդիմադիր «Այտընլըք» թերթը գրած է, որ Թուրքիա արգիլած էր Սուրիա մեկնող ռուսական օդուժի օդանաւներուն հատել թրքական օդային սահմանը, եւ 4 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անցեալ երկուշաբթի օր ռուսական ռազմական բեռնատար օդանաւը մուտք գործած է Թուրքիոյ օդային տարածք:

Թերթը հարցադրում առաջացուցած է, թէ արդեօք այդ բեռնատար օդանաւը Ասատը Ռուսիա տեղափոխող օդանա՞ւն էր, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ վերջինիս Ռուսաստան  այցելելու լուրը տարածուեցաւ այդ օդանաւին անցնելէն անմիջապէս ետք:

Իր հերթին թրքական «Ֆոքս» կայանը աւելի քան վստահ է, որ թրքական օդային սահմանը հատած բեռնատար օդանաւին մէջ Ասատ կը գտնուէր, որովհետեւ դիւանագիտական աղբիւրները յայտարարած էին, թէ բացառութեան կարգով Թուրքիա մէջ ռազմական բեռնատար օդանաւի արտօնութիւն տուած էր անցնելու թրքական օդային տարածքէն:

Ռուսական «Interfax» լրատուական գործակալութիւնը նոյնպէս փոխանցած է, որ ռուսական ռազմական բեռնատար օդանաւ մը Սոչիէն թռիչք առած է եւ Սեւ ծովէն ու Թուրքիայէն անցնելով վայրէջք կատարած է Լաթաքիայի Հմայհէմ ռազմակայանը: