«Իրաքի հայկական դեսպանատան մէջ թուղթերս բնականոն ձեւով կ′ընթանային: Ինծի տեղեկացուցին, որ դիմումս Հայաստան հասած է, բայց հոն հետեւող չկայ: Վստահ չեմ, եթէ նիւթականի հարց է, որ իմանամ այդպէս է, շուտով Հայաստան կու գամ: Հոս օրէ օր վիճակը աւելի կը սաստկանայ, չենք դիմանար: Մօրս մահէն ետք, հօրս առղջական վիճակը վատթարացաւ. կ′ուզեմ ուրիշ տեղ տանիլ զինք, Աստուծոյ գրած վերջին մի քանի տարին հանգիստ թող ապրի, չեմ ուզեր այս վիճակին մէջ ապրի»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց իրաքահայ Վարանդ Լաչինեան:
Նշենք, որ իրաքցիները, ի մասնաւորի իրաքահայերը, իրենց ապրած դժնդակ օրերուն հետեւանքով ամէն ջանք կը թափեն՝ աւելի ապահով վայրեր տեղափոխուելու: Իբր հայազգիներ, անոնք իրաւունքը ունին ստանալու ՀՀ քաղաքացիութիւն, սակայն շատերու մօտ դժգոհութիւն յառաջացած է այդ իրաւունքը ստանալու ուշացումը: Այս մասին իրաքահայ երիտասարդը փոխանցեց. «Յասմիկ Հայկ Լաչինեան եւ հայրս Հայկ Սամուէլ Արթին Լաչինեան, 2014-ի ամրան դիմած են, հայկական անձնագիր ստանալու, սակայն արդէն 2 տարի անցած է, բայց տակաւին ոչ մէկ պատասխան: Պաղտատի մէջ գտնուող հայերէն շատերը դիմում ներկայացուցած են հայկական անձնագրեր ստանալու, սակայն իրենք ալ սպասման վիճակի մէջ են: Փաստաթուղթերս պատրաստելու ընթացքին առաջնորդարանին մէջ, հանդիպեցայ բազմաթիւ հայրենակիցներու, որոնք նոյն նպատակին համար եկած էին: Ստոյգ թիւեր չունիմ, բայց շատ էին: Հոս կեանքը ապահով չէ, ամէն վայրկեան կրնայ բան մը պատահիլ: Ամէնէն ճիշդ լուծումն է, որ ես ունենամ իմ հայկական անձնագիրս, եթէ Աստուած մի արասցէ բան մը պատահի՝ հայրենիք կը տեղափոխուիմ, հոն հանգիստ կ′ապրիմ: Աւելի լաւ է աղքատ ապրիմ, քան՝ հարուստ մեռնիմ: Ասիկա կեանքէն քաղած փորձառութիւնս է, կը նախընտրեմ աղքատ, պարզունակ եւ ապահով կեանք մը ունենալ, քան՝ դրամներ դիզելով անապահով ըլլալ ու ամէն վայրկեան մեռնիլ: Ղատիր շրջանը, որ նախապէս քրիստոնեաներու բնակավայր էր, հիմա, այնտեղէն բոլորը գաղթած են Ամերիկա, Աւստրալիա կամ Եւրոպա: Մենք վերջին հայ քրիստոնեայ ընտանիքն ենք հոն, մեր ամբողջ շրջապատը իսլամ, շիիթ եւ ուրիշ համայնքներու անդամներ են, ինչպէ՞ս կրնանք դիմանալ: Պաղտատի ամենահին համալսարաններէն մէկն է՝ «Ալմուսթանսիրիա» համալսարանը, ուր կը յաճախեմ: Միակ քրիստոնեան եմ, թէ՛ աշակերտներուն, թէ՛ ուուցչական կազմին մէջ: Համալսարանի բոլոր ուսուցիչները խոյս տուած են Իրաքէն, վախի հետեւանքով: Ուսուցիչներն իրենց պայուսակներուն մէջ կը գտնէին փամփուշտ մը թուղթով փաթթուած, որուն վրայ ազդարարական գրուած կ′ըլլար, թէ 2 օրէն պէտք է հեռանան Իրաքէն: Շատ հաւանական է, որ այս մէկը հետս ալ պատահի»,- նշեց Լաչինեան:
«Հայկական առաջնորդարանը, բացի փաստաթուղթեր ապահովելէ բան չի կրնար ընել, որովհետեւ հոս հայ չի մնաց: Որո՞ւն պիտի օգնէ: Բոլոր հայերը կ′ուզեն շուտով ստանալ իրենց անձնագրերը եւ տեղափոխուիլ, իրենց հաւաքած գումարները օգտագործել փոքր գործեր հիմնելու եւ բարեկեցիկ կեանք մը վարելու: Իրաքի մէջ հարուստ հայեր չկան, որովհետեւ հարուստներն արդէն 80-ականն թուականներէն հեռացան: Երբեմն ընկերներս կ′ըսեն, որ բախտաւոր եմ, մինչեւ հիմա ողջ եմ: Երեւի Աստուած կը փրկէ: Ես ալ իմ կարգիս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, բայց արդէն իսկ կարողութիւն չունիմ, որ տեղափոխուիմ»,-ըսաւ մեր զրուցակիցը:
Իրաքի մէջ տիրող քաղաքական վիճակին մասին «Արեւելք»-ի զրուցակիցը ըսաւ. «Սիւննի եւ շիիթ հանայնքներու ընդհարումներու շրջանէն հեռու եմ, սակայն գիտեմ, որ լուծումներու չեն հասնիր: Իւրաքանչիւրը բան մը կ′ուզէ: Դուրսէն ալ միշտ կ′օգնեն, որ իրաքեան հարցը բորբոքած մնայ, այդ ալ իրենց շահերէն մղուած: Մուսուլը Տահէշէն ազատագրելու համար, զօրքը կը յառաջանայ, կ′ուզէ հասնիլ հոն, բայց ամերիկացին շատ մեծ դեր կը խաղայ ուշացնելու այդ քայլերը, որովհետեւ այնքան ատեն որ կ′երկարի իրաքեան պատերազմը ան, որպէս գեր- տէրութիւն կ'օգտուի: Ինչպէս բոլորը գիտեն Ամերիկան Իրաքին զէնք ու զինամթերք կը վաճառէ: Ամերիկացին շատ գէշ խաղ «կը խաղայ», ինչպէս նաեւ՝ Սէուտական Արաբիան, որովհետեւ իրենք լաւ գիտեն, եթէ Իրաքը կայուն դառնայ ինքնաբերաբար Սուրիոյ հարցերն ալ կը կարգաւորուին: Ռուսիոյ նախագահը կարեւոր միջամտութիւն կը կատարէ Սուրիոյ մէջ, բայց Ամերիկան անոր հակառակ է եւ կը բորբոքէ Իրաքը: Մուսուլը Տահէշէն կրնայ ազատագրուիլ, բայց մարդոց հոգեկան վիճակը քանդուած է, այլեւս չեն ուզեր հոն վերադառնալ: Նախկին յոյսը չկայ, ամէն ինչ արդէն աւերուած է, բնակչութեան մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ ճամբով փախած են, անմիջական իրեր առնելով իրենց հետ: Այդ հայերը, որոնք Մուսուլէն փախան գացին Իրպիլ, Զախօ, Հաւրէսք , Աղաճանեան եւ այլուր, դժուար, թէ վերադառնան, թէկուզ եկեղեցին օժանդակութիւններ յատկացնէ իրենց տուները վերանորոգելու: Չես գիտէր, երբ նմանատիպ աղէտ մը դարձեալ տեղի ունենայ: Իւզպէքիստանէն, Ղազախստանէն, Փաքիստանէն մարդիկ «Ճիհատ»-ին մասնակցելու համար Իրաք կու գան: Հեռու տեղերէ կու գան ահաբեկչական գործեր ընելու, իրենք- զիրենք «պայթեցնելու»: Ամէն ինչ կրնայ կրկնուիլ, որովհետեւ կառավարութիւնը երաշխիքներ չի տար քեզի, իր ալ կարողութիւններէն վեր է: Զանազան գլուխներ եւ շահեր կան. կառավարութիւնը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ հետ է, քիւրտերն ալ ունին իրենց դերակատարութինը: Նախապէս Սատտամ Հուսէյն մը կար, որ բոլորին իր վերարկուին տակ առած էր, հիմա ամէն բան խառնուած է»,-նշեց ան:
Անդրադառնալով հոն մնացած իրաքահայերու վիճակին, Լաչինեան ըսաւ. «Պաղտատի մէջ հայերու թիւը ահռելիօրէն նուազած է: Մնացողներուն մէջ երիտասարդներ չկան: Անոնք հայերէնը մոռնալու շեմին են, նոյնիսկ ակումբներու անդամները արաբերէն կը խօսին: Ցաւ ի սիրտ, բոլոր ակումբներուն մէջ ալ նոյնն է վիճակը: Պաղտատի մէջ տակաւին կը գործէ բարեգործական միութիւնը, որ Գամսարա շրջանը կը գտնուի. Ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ը, որ Սաատուն փողոցին վրայ է: Ակումբներու աշխատանքը ամփոփուած է վիճակահանութիւններ պատրաստելու եւ վաճառելու գործով»: