image

Մտահոգիչ կացութիւն Եւրոպայի համար. 3000 զինեալներ «տուն» վերադարձած են

Մտահոգիչ կացութիւն Եւրոպայի համար.  3000 զինեալներ «տուն» վերադարձած են

Եւրոպական մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ կարեւոր տուեալներ հրապարակած են  Սուրիա  եւ Իրաք գտնուող իսլամիստ զինեալներու մասին, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը պատրաստուի վերստին «տուն» վերադառնալ:

Զուիցերական ATS կայանին փոխանցմամբ, անցնող շաբաթներուն յատկապէս  Սուրիայէն դէպի եւրոպական տարբեր երկիրներ վերադարձած իսլամիստ զինեալներուն  թիւը  կը  հասնի  3000-ի:

Աղբիւրը նաեւ նկատել կու տայ, որ մտահոգիչը այն է, որ այդ երկիրներու  ապահովական  ծառայութիւններուն  համար անհնար է վերահսկողութեան տակ պահել այն ճանապարհները, որոնց շնորհիւ զինեալներները իրենց բնակավայրերը կը հասնին: Աղբիւրը կը նշէ,  որ շատ մը պարագաներու զինեալները կը դիմաւորուին իրենց ընտանիքի անդամներուն կամ ազգականներուն կողմէ, բան մը որ ապահովական մարմիններուն համար կը ստեղծէ շփոթ յառաջացնող  կացութիւն մը:

Իր կարգին «Ռօյթըրզ»լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր աշխարհի տարբեր կողմերէն պատերազմական ճակատներ հասած զինեալներուն թիւը կը  հասնի 42.000-ի: Աղբիւրը կը նշէ, որ մինչ այսօր այդ զինեալներուն 30 առ հարիւրը իրենց երկիրները վերադարձած են, անդին այդ ընդհանուր թիւին կէսը, այսինքն շուրջ 22 հազար զինեալ կը շարունակեն պատերազմիլ Սուրիոյ մէջ:

«Ռօյթըրզ»ի ունեցած տուեալներով 2011 թուականին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն սպաննուած են աւելի քան հազար զինեալներ, որոնք Սուրիա հասած են աւելի քան 100 երկիրներէ: