Եւրոպական մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ կարեւոր տուեալներ հրապարակած են Սուրիա եւ Իրաք գտնուող իսլամիստ զինեալներու մասին, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը պատրաստուի վերստին «տուն» վերադառնալ:
Զուիցերական ATS կայանին փոխանցմամբ, անցնող շաբաթներուն յատկապէս Սուրիայէն դէպի եւրոպական տարբեր երկիրներ վերադարձած իսլամիստ զինեալներուն թիւը կը հասնի 3000-ի:
Աղբիւրը նաեւ նկատել կու տայ, որ մտահոգիչը այն է, որ այդ երկիրներու ապահովական ծառայութիւններուն համար անհնար է վերահսկողութեան տակ պահել այն ճանապարհները, որոնց շնորհիւ զինեալներները իրենց բնակավայրերը կը հասնին: Աղբիւրը կը նշէ, որ շատ մը պարագաներու զինեալները կը դիմաւորուին իրենց ընտանիքի անդամներուն կամ ազգականներուն կողմէ, բան մը որ ապահովական մարմիններուն համար կը ստեղծէ շփոթ յառաջացնող կացութիւն մը:
Իր կարգին «Ռօյթըրզ»լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր աշխարհի տարբեր կողմերէն պատերազմական ճակատներ հասած զինեալներուն թիւը կը հասնի 42.000-ի: Աղբիւրը կը նշէ, որ մինչ այսօր այդ զինեալներուն 30 առ հարիւրը իրենց երկիրները վերադարձած են, անդին այդ ընդհանուր թիւին կէսը, այսինքն շուրջ 22 հազար զինեալ կը շարունակեն պատերազմիլ Սուրիոյ մէջ:
«Ռօյթըրզ»ի ունեցած տուեալներով 2011 թուականին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն սպաննուած են աւելի քան հազար զինեալներ, որոնք Սուրիա հասած են աւելի քան 100 երկիրներէ: