Ամուլսարի պաշտպանները կառավարութեան ժամանակ տուած են մինչեւ 20 սեպտեմբեր, որմէ ետք պիտի սկսին քաղաքացիական անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Facebook-ի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած էր հանքավայրի շահագործումը արգիլելու օրինական հիմքերու բացակայութեան մասին։ Ի պատասխան, Ջերմուկի բնակիչները, որոնց ուղղակիօրէն կը սպառնայ հանքավայրը, պայմանաւորուած են հանդիպում-քննարկման մասին:
Հանքավայրի շահագործման բազմաթիւ ելոյթներէն ետք բնապահպան Շիրակ Բունիաթեանը առաջարկած է գործողութիւններու ծրագիր մշակել։ Անոր խօսքերով, քանի որ գործողութիւնները պէտք է խաղաղ, ոչ բռնի բնոյթ ունենան, խօսքը կրնայ ըլլալ գործադուլներու, դասադուլներու, ինչպէս նաեւ Ամուլսարի ճանապարհը չբանալու մասին։
Միաժամանակ, ան առաջարկած է սպասել կառավարութեան յստակ որոշման, որպէսզի սկսին պատասխան միջոցառումներ։ Այդ նպատակով առաջարկուած է կառավարութեան 10 օր տալ, մինչեւ 20 սեպտեմբերը, որմէ ետք անցնիլ պատասխան խաղաղ քայլերու։ Եթէ մինչեւ 20 սեպտեմբերը որոշում չկայացուի, Ամուլսարի պաշտպանները պիտի սկսին խաղաղ ցոյցերու։ Առայժմ հացադուլներ պիտի չընեն։
«Սակայն եթէ մեր մօտ թանկեր ուղարկուին, մենք ատոր պատրաստ ենք։ Կ'ուզեմ, որ մենք հաւատանք յեղափոխութեան, քանի որ բոլորիս համար մեծ հարուած կ'ըլլայ, եթէ հակառակը պարզուի։ Յեղափոխութեան հետեւանքով իշխանութեան եկած մարդիկ չեն կրնար հակաժողովրդական որոշում կայացնել»,- յայտարարած է Բունիաթեանը՝ աւելցնելով, սակայն, որ մինչ այժմ իր լսած փաստարկները մտածելու տեղիք կու տան՝ կարգախօսները այնպիսին են, ինչպէս նախորդ իշխանութեան օրօք՝ նախապատւութիւնը կը տրուի ոչ թէ ժողովուրդի որոշման, այլ տնտեսական շահերուն։