Օրերս Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ կայացած է ՀՅԴ Կիպրոսի մարմնի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու աւարտին ալ ժողովականները վերընտրած են գործող Կոմիտէն։
Այս մասին իմացանք ՀՅԴ Կիպրոսի մարմնի դիմատետրի էջէն, ուր նաեւ ներկայացուցած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի կազմակերպութիւնը, անցնող շաբաթավերջին գումարեց իր 32-րդ Ընդհանուր Ժողովը։
Նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան վտանգուած իրողութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասին յանձնումը՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի տխրահռչակ համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, պատերազմական գերիներու նկատմամբ գործադրուող ստորացումները եւ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխող ազրպէյճանական կողմի չարաշահումները, ժողովի աւարտին նորընտիր կոմիտէն Նիկոսիոյ, Լառնաքայի եւ Լիմասոլի բոլոր ընկերներուն հետ միահամուռ ընդունեց իր բոլոր ուժերով,
1) Զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան եւ գերիշխանութեան,
2) Սատարել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած ջանքներուն,
3) Շարունակել պայքարիլ պահանջելով պատերազմական գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը,
4) Զարկ տալ Հայ Դատի աշխտանքներուն, յառաջ մղելու համար Հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու արդար իրաւունքներու ձեռքբերումը։
ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հ.Յ.Դ Կիպրոսի Կոմիտէութեան
32-րդ Ընդհանուր Ժողով
Նիկոսիա, 12․07․2021