image
Հրատապ լուրեր:

«Միայն Հայաստանի մէջ իրական արժէքդ կը զգաս» Սուրիահայ ուսանող

«Միայն Հայաստանի մէջ իրական արժէքդ կը զգաս» Սուրիահայ ուսանող

Սուրիահայ 18-ամեայ Վագo (Վարդգէս)  Կարճիկեան, որ ընտանիքի հետ 2014 թուականին Հայաստան տեղափոխուած է, կ՛ուսանի Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմուքնին մէջ, միաժամանակ կ՛աշխատի առեւտրային գրասենեակի մէջ: Հայրենիք վերադառնալու դրդապատճառներէն եղած է նաեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմի ահագնացումը: Վագոյի նախնիները Վանէն գաղթած են Քեսապ, Լաթաքիա, ինչպէս նաեւ Արաբական աշխարհի տարբեր երկիրներ` հիմնականին մէջ զբաղուելով առեւտուրով  եւ հողագործութեամբ:

«Մինչեւ հայրենադարձուիլս չէի այցելած Հայաստան: Բարդ է պատասխանել, արդեօք հեշտ յարմարեցայ այստեղի կեանքին, քանի որ հեռուէն Հայաստանի մէջ ամէն ինչ անթերի կը թուի: Բայց երբ կու գաս ու աստիճանաբար կ՛ընտելանաս այստեղի կեանքին, արդէն կամաց-կամաց կը հասկնաս յետագայ քայլերդ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է Վագօն:

Վագօ կը յիշէ, որ Հայաստան գալու օրը շատ ուրախ եղած է, օդակայանէն դուրս գալուն նոյնիսկ աչքերն արցունքոտած են: Թէեւ լուսանկարներով հասցուցած էր ամէն ինչ ուսումնասիրելու, սակայն իրականութեան մէջ անբացատրելի զգացողութիւններով  պատուած է` սեփական աչքերով տեսնելով այդ ամէնը:

«Ապրելով Հայրենիքի մէջ` կը զգաս իրական արժէքդ: Հայրենիքն ինձ գրկաբաց  ընդունած է, ճիշդ է, դժուարութիւններու բախած եմ, սակայն չեմ վհատած, իմ մէջ ուժ գտնելով` առաջ ընթացած եմ: Յատկապէս լեզուական` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի տարբերութիւնները դժուար եղած են յաղթահարել: Յաճախ մարդոց հետ հաղորդակցուելու ժամանակ` իրար չենք հասկցած: Անխոչընդոտ չէ անցած նաեւ աշխատանք գտնելու ընթացքը»,-նշած է Վագօն:

Խօսելով Հայաստանի ապագայի մասին` Վարգճ յոյս յայտնած է, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ, մեր երկիրը յառաջընթաց պիտի ունենայ, իսկ հայ ժողովուրդը պիտի ապրի աւելի  բարեկեցիկ կեանքով:

 

Նիւթը՝ «Հայերն Այսօր» էն