image

«Փաթիլ» պարի դպրոցի հայաշունչ համոյթը

«Փաթիլ» պարի դպրոցի հայաշունչ համոյթը

Օրերս, Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Փաթիլ եւ Սինդիա Ալպարեան քոյրերու պարային դպրոցի սաները ներկայացուցած են գեղարուեստական բարձր մակարդակի ելոյթ մը՝ արժանանալով հանդիսատեսին  ջերմ ընդունելութեան։ Ձեռնարկը նաեւ արժեւորած է երկու պարուսոյցներուն երկարամեայ նուիրումն ու հայ մշակոյթը նոր սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը։

Կիրակի, Մայիս 31ին, Փաթիլ եւ Սինդիա Ալպարեան քոյրերու պարային դպրոցի պարման-պարմանուհիները ներկայացուցին հմայիչ ելոյթ մը, հանդիսատեսին պարգեւելով գեղարուեստական բարձր մակարդակի հպարտալի պահեր:

«Փաթիլ» պարի դպրոցի սաները գեղեցիկ ու ներդաշնակ կատարումներով թնդացուցին սրահի բեմը, արժանանալով ծնողներուն եւ ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն:

Օրուան բացառիկ յաջողութիւնը վկայութիւնն էր գեղարուեստական ղեկավարներ եւ պարուսոյցներ Փաթիլ եւ Սինդիա Ալպարեաններու տարիներու նուիրեալ աշխատանքին, համբերատար ջանքերուն եւ ազգային արժէքներ փոխանցելու առաքելութեան: Անոնց առաջնորդութեամբ, հայ փոքրիկները, պատանիները ու երիտասարդները ոչ միայն կը սորվին պարարուեստը, այլ հաղորդակից կը դառնան հայկական մշակոյթին ու ազգային ժառանգութեան:

Գէորգ քահանայ Հալաճեան իր աղօթքով եւ օրհնութեամբ կատարեց հանդիսութեան բացումը, ապա հանդիսավար Սոնա Պատալեան իր ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Ելոյթը սկիզբ առաւ հայկական ազգագրական պարերու շարանով մը։ Պարման-պարմանուհիները գեղեցիկ բեմականութեամբ հանդէս եկան՝ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահէն ներս եւ հանդիսատեսը փոխադրելով Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներ, քաղաքներ եւ գիւղեր, դէպի ազգային յիշողութեան խորքերը:

Հիասքանչ էր նաեւ կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն գոյներով ներկայացուած պարը, ուր հայկական դրօշակը փողփողաց ու ծածանեցաւ բեմին վրայ՝ ներշնչելով հպարտութիւն եւ հայրենիքի հանդէպ սէր:

Պարախումբի սաները աշխոյժ ու կենսուրախ կշռոյթներով հանդէս եկան գեղեցիկ ու տպաւորիչ պարերով, հպարտօրէն վառ պահելով հայկական արմատները, ինչպէս նաեւ իրենց երախտագիտական զգացումները արտայայտելով այն երկրին հանդէպ, ուր ծնած են, հասակ առած եւ իրենց ապագան կը կերտեն, գեղեցիկ ու հաստատ կամուրջ մը ստեղծելով երկու մշակոյթներուն միջեւ:

Ելոյթի ընթացքին, պարուսոյց Սինդիա Ալպարեան ներկայացուց հայկական նազ պարը: Ան իր նրբագեղ շարժումներով, մեղմ ու ներդաշնակ կեցուածքով, բեմական գեղեցիկ ներկայութեամբ եւ նրբակերտ մեկնաբանութեամբ կեանքի կոչեց հայ կնոջ վայելչագեղ կերպարը:

Ելոյթի աւարտին, պարողները բեմ բարձրացան տարիքային դասաւորումով, կազմելով գեղարուեստական հրաշալի պատկեր մը, ամփոփելով օրուան պատգամը՝ «միասնութիւն, յոյս եւ հաւատք ապագային հանդէպ»:

Հանդիսատեսը յոտնկայս ողջունեց պարուսոյցեր Փաթիլը եւ Սինդիան, ու անգամ մը եւս հաստատուեցաւ այն ճշմարտութիւնը, թէ «լաւ արուեստը հանդիսատեսը կը խոնարհեցնէ եւ ոտքի կը հանէ»։

Այս առթիւ գեղարուեստական ղեկավարներ Փաթիլ եւ Սինդիա Ալպարեան քոյրերը պարգեւատրուեցան եւ արժանացան յատուկ գնահատանքի՝ Փասատինայի քաղաքային խորհուրդի 2րդ շրջանի անդամ Ռիք Քոլի կողմէ: Գնահատագիրը յանձնեց Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տօնիկ Տօնապետեան, իբրեւ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի հաստատագիր իրենց հիմնած պարարուեստի դպրոցի երկարամեայ գործունէութեան համար: Անոնք տարիներ շարունակ հայ պատանիներու ու երիտասարդներու փոխանցած են հայկական պարն ու մշակոյթը՝ նպաստելով մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, տարածման եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու սրբազան առաքելութեան: Այս գնահատականը նաեւ վկայութիւնն է այն արժէքաւոր ներդրումին, որ Փաթիլ եւ Սինդա քոյրերը ունեցած են հայ ինքնութեան ամրապնդման եւ ազգային մշակոյթի պահպանման գործին:

Յաջողութեան եւ նորանոր նուաճումներու մաղթանքներ «Փաթիլ» պարի դպրոցին:

 

Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն