image

Թուրքիա բարձրացուցած է Պոսֆորով եւ Տարտանելով տարանցման արժէքը

Թուրքիա բարձրացուցած է Պոսֆորով եւ Տարտանելով տարանցման արժէքը

Թուրքիոյ իշխանութիւնները 15 տոկոսով բարձրացուցած են Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներով նաւերու տարանցման արժէքը։ Այն ամէն տարի կը սահմանուի յուլիս 1-ին։

«Այս տարի մէկ թոնի դիմաց գանձուող վճարը 5,83 տոլարէն բարձրացած է 6,7 տոլարի»,– յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը։

Նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուն աւելի վաղ յայտնած էր, որ նախնական գնահատականներով՝ 2025-ի յուլիսէն մինչեւ 2026-ի յունիս 30-ը նեղուցներով նաւերու տարանցման համար Թուրքիան պիտի ստանայ 254 միլիոն տոլար եկամուտ, որ 31 միլիոն տոլարով աւելի է, քան մէկ տարի առաջ։