Իսրայէլի ուժանիւթի եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Էլի Քոհեն յայտարարած է, որ իսրայէլեան կողմը պէտք է լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ Կազայի հատուածի ամբողջ տարածքի նկատմամբ։
Galei Israel ձայնասփիւռի հետ զրոյցի ընթացքին նախարարը նշած է, որ Իսրայէլի վերահսկողութիւնը Կազայի հատուածին մէջ «պիտի շարունակէ միայն աճիլ»՝ մինչեւ հասնի «100 տոկոսի»։
Քոհեն ընդգծած է, որ Իսրայէլ չի կրնար թոյլ տալ, որ պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժումը «նոյնիսկ մէկ միլիմեթրով գլուխ բարձրացնէ»։
Ըստ անոր՝ Իսրայէլ երկու ամիս առաջ կը վերահսկէր Կազայի 53 տոկոսը, մէկ ամիս առաջ՝ մօտ 60 տոկոսը, իսկ այսօր այդ ցուցանիշը «մօտ է 70 տոկոսի»։