Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, յայտարարած է Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած երկու կարեւոր քայլի մասին։ Բացի 18 միլիոն եւրոյի ֆինանսական ներարկումէն, Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի վերացնելու մաքսատուրքերը հայկական արտահանման հիմնական մասի համար՝ հայ արտադրողներուն հնարաւորութիւն տալով մուտք գործելու 450 միլիոն սպառող ունեցող եւրոպական շուկայ։
«Մենք եւս մէկ քայլ առաջ կ՚երթանք։ Մենք կ՚առաջարկենք այսպէս կոչուած ինքնավար առեւտրային միջոցներ (ATM)։ Սա կը նշանակէ, որ այս ATM-ները պիտի ազատականացնեն Հայաստանի արտահանումներու մօտ 80 առ հարիւրը դէպի Եւրոպական Միութիւն։ Այսինքն՝ մեզի հետ ձեր առեւտուրին 80 առ հարիւրը այսուհետեւ պիտի իրականացուի առանց մաքսատուրքերու։
Այսպիսով, մենք պիտի կարենանք վերաուղղորդել այն արտադրանքները, որոնք այժմ մեծապէս կախեալ են ռուսական շուկայէն, եւ զանոնք ուղղել Եւրոպական Միութեան միասնական շուկայ՝ 450 միլիոն սպառողներու հասանելիութեամբ։ Այս միջոցը պիտի բանայ Եւրոպայի դռները համարեա 99 տոկոս Հայաստանի թարմ գիւղատնտեսական արտադրանքի, բանջարեղէնի, միրգերու եւ օրկանական ծագում ունեցող արտադրանքի առջեւ, ինչպէս նաեւ պիտի դիւրացնէ ձեր խմիչքներու եւ ոգելից ըմպելիքներու արտահանման 90 առ հարիւրէն աւելին դէպի ԵՄ միասնական շուկայ։
Իրականութեան մէջ, վերջին ամիսներուն մենք ականատես եղանք, որ մեր շուկայ հայկական ծաղիկներու ներմուծումը զգալիօրէն աճած է, եւ ասիկա գեղեցիկ խորհրդանիշ է մեր տնտեսական գործընկերութեան մէջ նոր էջ բանալուն։
Ասիկա միայն սկիզբն է։ Այս նոր միջոցներու շնորհիւ պիտի ունենանք ձեր առեւտուրը արագօրէն բազմազանեցնելու կարելիութիւնը։ Յուլիսի կէսերուն մասնագէտներ պիտի ղրկենք Հայաստան՝ ուղղակիօրէն աշխատելու ձեր արտադրողներու, ձեռնարկութիւններու եւ արտահանողներու հետ, օգնելով անոնց ամբողջութեամբ օգտուելու այն հնարաւորութիւններէն, որոնք Եւրոպական Միութեան հետ արտօնեալ գործընկերութիւնը կրնայ ընձեռել»,– ըսած է ան։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Յուլիս 2-ի առաւօտեան։