image

Կիպրոս. Հայ շրջանաւարտներու յաջողութեան տօնը՝ Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեաններու ջերմ յարկին տակ

Կիպրոս. Հայ շրջանաւարտներու յաջողութեան տօնը՝ Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեաններու ջերմ յարկին տակ

Ամէն շրջանաւարտութիւն նոր սկիզբ մըն է։ Ան կը խորհրդանշէ անցած ճամբու մը յաջող աւարտը, բայց մանաւանդ կը բանայ նոր հորիզոններու դուռը՝ հաւատքով, յոյսով եւ պատասխանատուութեան զգացումով։

Հայ իրականութեան մէջ այս պահերը աւելի՛ խոր իմաստ կը ստանան, երբ երիտասարդներուն յաջողութիւնը կը դառնայ համայնքային ուրախութիւն, իսկ անոնց քաջալերանքը՝ ազգային պարտաւորութիւն։

Այս ոգիով, Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, աւանդական սովորութեամբ, Նարեկ վարժարաններու շրջանաւարտները, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ կղզիի բոլոր հայ շրջանաւարտները, ներկայութեամբ Հ.Հ. Դեսպան Իննա Թորգոմեանի, Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտճեանի եւ Տէր Մոմիկ Աւագ քահանայի, հիւրասիրուեցան Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեաններու բնակարանէն ներս։