image

Ալեքսանտր Սարուխանի ժառանգութիւնը՝ Հայաստան-Եգիպտոս հանրային դիւանագիտութեան կամուրջ

Ալեքսանտր Սարուխանի ժառանգութիւնը՝ Հայաստան-Եգիպտոս հանրային դիւանագիտութեան կամուրջ

Ալեքսանտր Սարուխան անունը միայն երգիծանկարչութեան պատմութեան մէջ արձանագրուած անուն մը չէ։ Ան հայ եւ եգիպտական աշխարհներու միջեւ ապրած, ստեղծագործած ու կամուրջ դարձած բացառիկ դէմք մըն է, որուն արուեստը ծառայեց հասարակական մտքի արթնացման, մշակութային երկխօսութեան եւ ժողովուրդներու մերձեցման։ Այս իմաստով, Սարուխանի ժառանգութիւնը այսօր եւս կը մնայ արդիական՝ իբրեւ հանրային դիւանագիտութեան կենդանի օրինակ եւ Հայաստան-Եգիպտոս բարեկամութեան խորհրդանիշ։

Լրատւութիւնը հրատարակութեան պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։

29  Յունիսին  ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտահայ հասարակական գործիչ եւ երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանին նուիրուած՝ «Երկու հայրենիքներու միջեւ․ Ալեքսանդր Սարուխանը եւ հանրային դիւանագիտութեան ուժը» խորագրով միջոցառումը։

Իր ձեւաչափով առաջինը հանդիսացող այս նախաձեռնութիւնը մէկտեղած էր եգիպտացի եւ հայ դիւանագէտներ, պատմաբաններ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ եգիպտահայ համայնքի եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Մասնակիցներուն շարքին էր նաեւ Ալեքսանդր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվա Ներետեան-Փլադեան։

Միջոցառման մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Գոհար Իսկանդարեան։ Ան կարեւորեց հիմնարկին կողմէ իրականացուող գիտամշակութային նախաձեռնութիւններու դերն ու նշանակութիւնը՝ ընդգծելով, որ անոնք կը նպաստեն գիտութեան հանրայնացման եւ միջազգային համագործակցութեան խորացման։ Իսկանդարեան նաեւ արժեւորեց վերջին տարիներուն հիմնարկին կողմէ հանրային դիւանագիտութեան ուղղութեամբ տարուած հետեւողական աշխատանքը։

Արեւելագիտութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Արաքս Փաշայեան, որ նաեւ միջոցառման գաղափարի հեղինակն ու համադրողներէն է, նշեց, որ Ալեքսանդր Սարուխան կամուրջ մըն է Հայաստան-Եգիպտոս եւ Հայաստան-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն մէջ։ Անոր խօսքով՝ միջոցառման նպատակն է Սարուխանը ներկայացնել ոչ միայն իբրեւ երգիծանկարիչ եւ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական երգիծանկարչութեան հիմնադիրներէն մէկը, այլ նաեւ իբրեւ հանրային դիւանագիտութեան նշանակալի օրինակ։ Փաշայեան ընդգծեց, որ եթէ Եգիպտոսի մէջ Ալեքսանդր Սարուխանին նուիրուած միջոցառումներ պարբերաբար կը կազմակերպուին, ապա Հայաստանի մէջ նման նախաձեռնութիւններու պակասը զգալի է, եւ այս ձեռնարկը այդ բացը լրացնելու կարեւոր քայլ մըն է։

Միջոցառման մասնակիցներուն ողջունեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն. Գ. Ամալ Աֆիֆի եւ Եգիպտոսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Կարապետեան, որ պաշտօնավարած է 2004-2009 թուականներուն։ Անոնք խօսեցան հայ-եգիպտական բարեկամական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եգիպտոս բազմակողմանի կապերու հետագայ զարգացման ու խորացման անհրաժեշտութեան մասին։ Ռուբէն Կարապետեան ներկայացուց նաեւ իր պաշտօնավարման տարիներուն Ալեքսանդր Սարուխանի գործը հանրայնացնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները։

Ալեքսանդր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվա Ներետեան, անդրադարձաւ մեծանուն արուեստագէտի կենսագրութեան եւ գործունէութեան յիշարժան դրուագներուն, Խորհրդային Հայաստանի հետ ունեցած կապերուն, անոր ժառանգութեան պահպանութեան առնչուող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց իր անձնական յուշերը։

Եգիպտացի հայագէտ եւ պատմաբան Մոհամետ Ռեֆաաթ իր ելոյթին մէջ հանգամանօրէն ներկայացուց Ալեքսանդր Սարուխանի գործունէութիւնը եգիպտական իրականութեան խորապատկերին վրայ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Եգիպտոսի կառավարութեան եւ հասարակութեան կողմէ Սարուխանի հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքին՝ նշելով, որ մեծ արուեստագէտը բարձր գնահատանքի արժանացած էր իր ապրած ժամանակաշրջանին։

Եգիպտական «Ալ-Հայաթ» հեռատեսիլի հաղորդավար Սաֆաա Էլ Սայեդ եւ եգիպտացի բեմադրիչ ու վաւերագրող Էսսամ Նագի իրենց ելոյթներուն մէջ կարեւորեցին հայազգի Ալեքսանդր Սարուխանի դերը Եգիպտոսի հասարակական մտքի զարգացման գործին մէջ։ Անոնք ընդգծեցին, որ Սարուխանի ինքնատիպ արուեստը, ծառայելով Եգիպտոսին, միաժամանակ նպաստած է նաեւ հայ մշակոյթի ճանաչման եւ Հայաստան-Եգիպտոս կապերու ամրապնդման։

«Նասերի միջազգային առաջնորդութեան ծրագիր»-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յակոբ Մակտիս անդրադարձաւ Հայաստան-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն մէջ «փափուկ ուժ»-ի գործիքակազմի դերակատարութեան։ Ան նշեց, որ Ալեքսանդր Սարուխանի օրինակով առաւել տեսանելի կը դառնայ անհատի կարեւոր ներդրումը միջմշակութային հաղորդակցութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման գործին մէջ։

Եգիպտահայ հասարակական գործիչ եւ  Եգիպտոսի  «Հայ Դատ»ի մարմնի նախագահ՝ Տօքթ.  Արմէն Մազլումեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն եգիպտահայ եւ հայաստանեան կառոյցներուն, որոնք աջակցած էին միջոցառման իրականացման։ Ան յատկապէս կարեւորեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի դերը Հայաստան-Եգիպտոս յարաբերութիւններու զարգացման, երկկողմ համագործակցութեան խորացման եւ հանրային դիւանագիտութեան խթանման մէջ։

Հանդիպման աւարտին Եգիպտոսի հայ համայնքի Քաղաքական ժողովի պատգամաւոր Վահէ Փլադեան յուշանուէրներ յանձնեց Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Գոհար Իսկանդարեանին եւ Միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Արաքս Փաշայեանին՝ ի նշան շնորհակալութեան եւ համագործակցութեան։

Իրենց կարգին, միջոցառման կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր այն կառոյցներուն եւ անձերուն, որոնք նպաստած էին նախաձեռնութեան իրականացման՝ առանձնայատուկ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գահիրէի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կարեւոր աջակցութիւնը։

Արաբերենէ հայերէն եւ հայերէնէ արաբերեն թարգմանութեան համար Արեւելագիտութեան հիմնարկը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի արաբագիտութեան ամբիոնի դոցենտ, արաբագէտ Սոնա Տոնիկեանին։