image

Աւստրիայէն հաշտութեան ճիգեր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ

Աւստրիայէն հաշտութեան ճիգեր՝  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ

«Ներկայիս, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը հասարակութիւններու միջեւ վստահութիւն հաստատելու խիստ կարիք ունի»: Այս մասին Վրաստանի մէջ ԵՄ ներկայացուցչութենէն ներս կայացած մամլոյ ասուլիսին, յայտարարած է Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային գործերու դաշնային նախարար՝ Ալեքսանդր Շալլընպըրկը, տեղեկացուցած է «Արմէնփրեսը»:

Ան անդրադարձած է Երեւանի մէջ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումներուն՝ աւելցնելով, որ հանդիպումներու ընթացքին տեղի ունեցած են ուժեղ քննարկումներ: «Մեր նպատակն էր հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է վստահութիւն կառուցել: Այս այցը հաստատեց այն, ինչ մենք արդէն գիտէինք, որ վստահութիւնը ամենակարեւոր միջոցն է, որ անհրաժեշտ է տարածաշրջանին եւ որ անոր չի բաւարարեր: Մեր նպատակն է սերմանել այս վստահութիւնը: Մենք գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հասցուցած վէրքերը դեռ բաց են, բայց մեզ պէտք է ապաքինման գործընթաց: Այս այցը ցոյց տուաւ, որ կողմերը կը գիտակցին գործընթացի անհրաժեշտութիւնը, եւ որ անոնք գործընկերներու կարիք ունին, այս գործընթացը սկսելու համար: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ցանկացած օգնութիւն տրամադրել»,- ըսած է Շալլընպըրկը:

Ան նաեւ նշած է, որ այս հարցով ԵՄ-ը բարձր կը գնահատէ Վրաստանի դերը, որու շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու ազատումը եւ Հայաստանի կողմէ ականապատ դաշտերու քարտէզներու փոխանցումը: «Կը կարծեմ, որ այս եռակողմ համագործակցութիւնը ձեռնտու է բոլոր կողմերուն»,- ըսած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը` նշելով, որ ԵՄ-ը ամբողջովին կը սատարէ նման գործընթացներուն։