image

Ռուսիան զանգուածային հարուածներ հասցուցած է Քիէւին․ Քաղաքն կրած է վնասներ

Ռուսիան զանգուածային հարուածներ հասցուցած է Քիէւին․ Քաղաքն  կրած է   վնասներ

Ռուսիոյ զինուած ուժերը զանգուածային հարուածներ հասցուցած են Քիեւի եւ անոր յարակից շրջանին մէջ գտնուող ռազմարդիւնաբերական եւ վառելիքային արդիւնաբերութեան կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Տնեփրոփեթրովսքի, Փոլթաւայի, Չերքասիի, Չերնիկովի եւ Քիեւի մարզերու ռազմական օդակայաններու ենթակառոյցներուն։ Այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօն յայտնած է, որ առաւօտեան ժամը 8։00-ի դրութեամբ ռուսական օդային հարուածին հետեւանքով զոհուած է նուազագոյնը 11 մարդ, իսկ 56 հոգի վիրաւորուած է։ Փլատակներուն տակէն ողջ դուրս բերուած է եօթ քաղաքացի։

Քիեւի մէջ վնասուած են 20-է աւելի բնակելի շէնքեր։ Տարնիցքի շրջանին մէջ ինը յարկանի բնակելի շէնք մը աւերուած է։ Փրկուած է 17 մարդ, արձանագրուած է մէկ զոհ, կան նաեւ անհետ կորսուած անձեր։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այս յարձակումը պատասխան էր վերջին շրջանին իր քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն դէմ «Քիեւի վարչակարգին ահաբեկչական յարձակումներուն»։

 

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի աւելի վաղ նախազգուշացուցած էր, որ գիշերուան ընթացքին կարելի է լայնածաւալ յարձակում սպասել, եւ յայտնած էր, որ կիսատ կը ձգէ իր այցելութիւնը Տապլին, որ կապուած էր Իրլանտայի՝ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի վեցամսեայ նախագահութիւնը ստանձնելու մեկնարկին։