image

Մեծ հրդեհ իրանեան Պուշահր նաւահանգիստին մէջ

Մեծ հրդեհ իրանեան Պուշահր նաւահանգիստին մէջ

Մեծ հրդեհ մը ծագած է Իրանի Պուշահր ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող նաւահանգիստին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Reuters լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս պահուն երեք իրանեան նաւթատար նաւեր  հրդեհի բռնուած են:

Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթներուն, Իրանի մէկէ աւելի  ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող կայաններու մէջ անհասկնալի եւ անյայտ պատճառներով եղած հրդեհներու մասին լուրեր տարածուած էին:

Մանրամասնութիւնները կը փորձենք ներկայացնել աւելի ուշ: