Մեծ հրդեհ մը ծագած է Իրանի Պուշահր ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող նաւահանգիստին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Reuters լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս պահուն երեք իրանեան նաւթատար նաւեր հրդեհի բռնուած են:
Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթներուն, Իրանի մէկէ աւելի ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող կայաններու մէջ անհասկնալի եւ անյայտ պատճառներով եղած հրդեհներու մասին լուրեր տարածուած էին:
Մանրամասնութիւնները կը փորձենք ներկայացնել աւելի ուշ: