Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնական շրջանէն անցնողները երէկ նկատեցին 12 մեթրի հասնող բարձր խողովակ մը, որուն ծայրերէն սեւ ծուխ դուրս կու գար: Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ տեղի ուեցածը երկրին մէջ աղբի հարցերով զբաղուող քաղաքացիական հասարակութեան միաւորումի մը բողոքի շարժումն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Աւելի ուշ այդ սիւնը պատրաստող խմբաւորումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ըսելով, որ իրենց կատարած շարժումը կը կոչուի «Մեր հերն անիծեցիք» (անոնք բառացիօրէն օգտագործած են «մեր երկինքը այրեցիք» («հարաքթու սամանա») բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ որեւէ խնդրի առումով վատ վիճակի հասցնել տուեալ անձը կամ հասարակութիւնը):
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ եթէ պէյրութցիները արագ չշարժին, ապա շատ վատ դրութեան մէջ պիտի յայտնուին, յատկապէս որ Քարանթինա շրջանին մէջ, ուր անոնք բարձրացուցած են 12 մեթրանոց սիւնը, պիտի հիմնուի աղբ այրելու գործարան մը, որ կը սպառնայ ամբողջ Պէյրութին եւ կրնայ թունաւոր արտանետումներու հետեւանքով քաղաքացիական լուրջ տագնապի մը պատճառ դառնալ:
Յիշեցնենք, որ մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ կը խօսին այն մասին, որ յառաջիկայ ապրիլէն սկսեալ Պէյրութի մէջ դարձեալ ընթացք պիտի առնէ աղբահանութեան նոր տագնապ մը, որ կրնայ յար եւ նման ըլլալ ասկէ երկու տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ ծաւալած աղբի տագնապին:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Պէյրութի մէջ աղբահանութեան հարցով գործող տասնեակ միաւորներ եւ քաղաքացիական խմբաւորումներ կան, որոնք կը պայքարին այս թեմայով:




