image

Մէկ շաբթուան մէջ թշնամին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է 3200 կրակոց

Մէկ շաբթուան մէջ  թշնամին  հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ  արձակած է 3200 կրակոց

6-12 սեպտեմբերի ժամանակամիջոցին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ թշնամիի կողմէն հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտուած է շուրջ 310 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3200 կրակոց: Այդ մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Նշուած է, որ Պաշտպանութեան Բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: