image

Մարուքեան պիտի հանդիպի Վազգէն Մանուկեանին հետ

Մարուքեան պիտի  հանդիպի Վազգէն Մանուկեանին հետ

Կը նախատեսուի ՀՀ ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, ԼՀԿ-ի վարչապետի թեկնածու Էտմոն Մարուքեանի եւ ընդդիմադիր 16 կուսակցութիւններու վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի հանդիպում: Այս մասին ըսած է Մարուքեանը՝ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած խորհրդարանական լսումներու ժամանակ:

Ան նշած է, որ ունեցած են շփումներ, խորհրդակցութիւններ 16 ուժերու համակարգող մարմնի ներկայացուցիչի հետ:

«Մեզ իրազեկուել է, որ 16 ուժերը որոշում են կայացրել առաջադրելու Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը՝ որպէս իրենց միասնական թեկնածու: Բնականաբար, շատ յարգանքով ենք մօտենում ցանկացած ուժի վարչապետի թեկնածու ունենալու իրաւունքին: Եւ մենք էլ իրազեկել ենք, որ մենք որպէս խորհրդարանական ուժ, վարչապետի թեկնածուով ենք ընտրութիւններին մասնակցել եւ հետեւաբար ունենք վարչապետի թեկնածու»,-ըսած է Մարուքեանն ու աւելցուցած, որ իրարմէ յարգանքով բաժանուած են:

Էտմոն Մարուքեանը նշած է, որ բնականաբար պիտի ըլլայ հանդիպում Վազգէն Մանուկեանի հետ: «Կայ նման նախաձեռնութիւն: Պէտք է հանդիպենք, կը խօսենք, կը շփուենք: Կարծում եմ, որ չպէտք է ասենք՝ չէ, իմն է ամենաճիշդը, ես պէտք է այսպէս անեմ, կամ միւսն ասի՝ իմն է ամենաճիշդը: Այլապէս չի ստացուի միասնական որեւէ գործողութիւն, միասնական որեւէ շարժում՝ այդ թւում նաեւ «Իմ քայլը» դաշինիքի հետը»,-ըսած է ԼՀԿ ղեկավարը: