image

Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանր

Մանուէլ  Գրիգորեանի առողջական վիճակը  ծանր

Նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծայրայեղ ծանր է։ Այս մասին 16 յհունուարին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Գրիգորեանի պաշտպան Արսէն Մկրտչեանը։

Նշենք, որ աւելի վաղ փաստաբանը ըսած էր՝ բժիշկները կ'աշխատին անոր սրտի զարկը կարգաւորել։ Անոր խօսքով, եթէ բժիշկները քանի մը օրերու ընթացքին յաջողին այն կարգաւորել, վտանգաւոր փուլը յաղթահարուած կարելի կ'ըլլայ համարել, այլապէս սրտի կանգի վտանգ կայ։