image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելոսի մէջ ոստիկանութիւնը սպաննած է հայ երիտասարդ մը. Ան հոգեկան հարցեր ունէր (Տեսանիւթ)

Լոս Անճելոսի մէջ ոստիկանութիւնը սպաննած է հայ երիտասարդ մը. Ան հոգեկան հարցեր ունէր (Տեսանիւթ)

Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կրակ բացած եւ սպաննած է հայազգի Օրբէլ Նազարեանցին:Այս  մասին լուրը կը  յայտնէ dailynews.com կայքը  նշելով, որ սպաննուած 22-ամեայ երիտասարդը դէպքին օրը զանգահարած է 911 ծառայութիւն՝ յայտնելով, որ ինք  զինուած է եւ մտադիր է ինքնասպանութիւն գործել:

Այնուհետեւ ոստիկանները դէպքի վայր ժամանած են, ուր Նազարեանցը դիմադրութիւն ցոյց տուած է:

Ոստիկանութեան բանբերը  մանրամասնած է, որ սա Նազարեանցի եւ իրաւապահներու առաջին հանդիպումը չէր: Անոնք անունով կը ճանչնային երիտասարդը  ու գիտէին, որ ան հոգեկան խնդիրներ ունի:

Ոստիկանապետ Չարլի Պեքի խօսքով՝ իրաւապահները սպանած են Նազարեանսին, քանի որ ան փորձած էր յարձակիլ օրէնքի ներկայացուցիչներուն վրայ՝ վտանգ ստեղծելով անոնց կեանքին համար:

 

Ոստիկանները ձայնագրած են կատարուածը:

 

Տեսանիւթը՝ այստեղ