Սպանիոյ մէջ ահասարսուռ դէպք մը պատահած է: Ալպերթօ Սանչես Կոմես անունով երիտասարդը, մօր հետ վիճաբանութենէ ետք խեղդամահ ըրած է մօրը, կտրատած է անոր մարմինը եւ 15 օրերու ընթացքին կերած է այն: Այս մասին կը հաղորդէ CNN-ը։
Անհաւատալի այս գազանային արարքի առթիւ «Սպանացի մարդակեր» ծածկանունը ստացած անձը դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման:
Դէպքը պատահած է երկուքուկէս տարի առաջ (2019-ի սկիզբը), Մատրիտ քաղաքին մէջ: Ոստիկանները Կոմեսի մօր մարմնի մասերը յայտնաբերած էին սառնարանին եւ աղբի տոպրակներու մէջ։
Ան ձերբակալուած էր 2019-ի Փետրուարին․ յիշեալ գործով դատավարութիւնը սկսած էր Ապրիլին, իսկ օրերս հրապարակուած է դատավճիռը, որուն համաձայն՝ դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ