image

Լիոն երախտապարտ է Արեւմտահայաստան ծնած Նշան Պահատուրեանով

Լիոն երախտապարտ է Արեւմտահայաստան ծնած Նշան Պահատուրեանով

Լիոնի ամենայայտնի փողոցներէն մէկը կը կոչուի հայ գործարար Նշան Պահատուրեանի անունով։ Լիոնի քաղաքապետարանը որոշած է, որ բոլորը պէտք է յիշեն հայու վեհանձն արարքը։


Ֆրանսայի մէջ յայտնի գործարար Նշան (Ճըպրայիլ) Պահատուրեանն ընկերասիրութեան ու հայկական հիւրընկալութեան շնորհիւ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներին Լիոնի մէջ 60 ընտանիքի կեանք փրկած է: 20-րդ դարու 20-ականներուն անոր աջակցութեամբ թրքական շատ մը քաղաքներ ելեկտրականութիւն  տեղադրուած է:


Ցեղասպանութեան տարիներ 

Նշան Պահատուրեանը ծնած է  Արեւմտահայաստանի  Աքսարայ քաղաքը։ Պահատուրեանները, ինչպէս նաեւ այդ ժամակաշրջանի հայերէն շատերը զգացած են Հայոց ցեղասպանութեան սարսափը։ Նշանի որդին` Արման Պահատուրեանը, «Sputnik Արմենիա»ի թղթակցին պատմած է ընտանեկան պատմութիւնը։

«Մեծ հայրս  մահացած է Տէր Զօրի անապատին մէջ , իսկ  մեծ  մայրս երեխաներուն հետ կրցած է հասնիլ Դամասկոս, այնտեղէն ալ` Պէյրութ։ Պէյրութի մէջ հօրս առաջարկած են Նշան անունը փոխել Ճըպրայիլով։ Այն ժամանակ կը համարուէր, որ այդ անունը կրողները բախտաւոր կ'ըլլան», -ըսած է Պահատուրեանը։

Ընտանիքը հաստատուած է Պէյրութի մէջ, Ճըպրայիլը տասը տարեկանէն աշխատած է ու օգնած ընտանիքին. մայրը գիշերը հաց թխած է, որդին այդ հացը քաղաքի նաւահանգիստներուն մէջ վաճառած է ամերիկացի զինուորներուն։ Անոնք նկատած են հայ պատանիին ժրաջանութիւնը եւ ԱՄՆ մեկնելէ առաջ գացած են Նշանի մօր մօտ` տղուն իրենց հետ տանելու թոյլտուութիւն ստանալու համար։ Պատասխանը բացասական եղած է. մայրը չէ ուզած, որ ընտանիքը զրկուի կերակրողէն։

 Ապրած  են շատ   ծանր   պայմաններու  մէջ: Ֆրանսացիք  շուտով Նշանի եղբայրներուն ու քրոջը նաւով տարած են Լիոն։ Նշանը մօր հետ Աքսարայ վերադարձած է։ Որոշ ժամանակ անց Լոկոֆեթ անունով տեղացի գործարարներէն մէկը անոր աշխատանքի վերցուցած է։ Անոր մօտ երկար տարիներ աշխատելէ ետք Նշանը մեծ յաջողութիւններու  հասած է ու դարձած է Լոկոֆեթի գործընկերը` գլխաւորելով ընկերութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը։

«Հայրս հնարամիտ էր։ Ան նոյնիսկ կը յաջողէր Ռուսաստանէն Պոլիս նաւթ բերել։ Անոր շնորհիւ Թուրքիոյ  շարք մը քաղաքներուն մէջ ելեկտրականութիւն տեղադրուած է, ինչին համար հայրս Ֆրանսայէն մասնագէտներ հրաւիրած էր։ 23 տարեկանին ան արդէն կը վայելեր թուրքերու յարգանքը, եւ անոր առջեւ բոլոր դռները բաց էին», -ըսած է Պահատուրեանը։

Որոշ ժամանակ անց Նշանը որոշած է այցելել եղբայրներուն ու քրոջը, որոնց աւելի քան տասը տարի չէր տեսած։ Ան նախատեսած էր մէկ ամիս Լիոն մնալ, բայց եղբայրներն ու քոյրը համոզած են չվերադառնալ, քանի որ այդ ժամանակ հայերու համար վտանգաւոր էր Թուրքիոյ մէջ ապրիլը։ Անոնք համոզուած էին, որ երբ թուրքերը Նշանի կարիքն ալ չունենան, կը վերացնեն անոր։

«Հայրս գործընկերոջը նամակ գրած է. «Արցունքը աչքերուս կը գրեմ, որ այլեւս չեմ վերադառնար։ Շնորհակալ կ'ըլլամ, եթէ խնայողութիւններու իմ բաժինը ուղարկես»», -պատմած է Պահատուրեան։

 



Առանց լումայի ու լեզուի իմացութեան, բայց ապրելու  կամքով: 

Նշանը, որ միայն թրքերէն գիտեր, ստիպուած էր ամէն ինչ զէրոյէն սկսիլ Լիոնի մէջ։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուող ջարդերէն փախած տեղացի հայերը հազիւ իրենց ապրուստը կ'ապահովէին։ Ան սկսած է ամէն կիրակի հայկական եկեղեցի այցելել, ուր մտերմացած է հոգեւորականներու հետ։ Այնտեղ անոր աշխատանքի վերցուցած են եւ ֆրանսերէն ու հայերէն սորվեցուցած։

Լոկոֆեթը չէր մոռցած հայ գործընկերոջը։ Ան նամակներ կը գրէր Նշանի մօրը։ Ինչի արդիւնքով 1932 թուականին Լոկոֆեթի աղջիկը ամուսնացած է Նշանի հետ։ Պահատուրեաններու առաջնեկը ծնած է 1938 թուականին, Արման Պահատուրեանը` 1942-ին, 1945-ին եւս մէկ որդի ունեցած են, 1950-ին ալ` դուստր։

Արմանի հօր գործերը հետզհետէ սկսած են կարգաւորուիլ, եւ ան 60 քառակուսի մեթրնոց կրպակ բացած է։ Հիմա այդ կրպակի տեղը 1000 քառակուսի մեթր մակերեսով խանութ ելած է։

Նշանը դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ հայ համայնքի կեանքէն ներս, եւ անոր նշանակած են Լիոնի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի նախագահ։


Հայկական սուճուխը 60 ընտանիքի կեանք փրկած է: 

Պահատուրեաններու կրպակը գերմանացի զինուորներու սիրած վայրն էր. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն այնտեղէն համեմունքներ կը գնէին։

«Հայրս գրկաբաց կը դիմաւորէր յաճախորդները։ Ի դէպ, ես այսօր կը շարունակեմ այդ աւանդոյթը։ Ան խանութի այցելուներուն մէկ կտոր պասթրմա կամ սուճուխ կը հիւրասիրէր։ Այսպէս ան ընկերացած էր գերմանացի զօրավարի մը հետ։ Ան իր այցեքարտը տուած էր հօրս ու ըսած, որ հարկ եղած պարագային կրնայ իրեն  դիմել», - պատմած է Պահատուրեան։

Անգամ մը Նշանի մօտ հայ կիներ եկած ու արցունքը աչքերնուն օգնութիւն խնդրած են։ Պարզուած է, որ 60 ընտանիքի, որոնց շարքին իտալացիներ, հայեր եւ հրեաներ, գերմանացիները ստիպողաբար Գերմանիա պիտի տեղափոխէին։ Երկրորդ համաշխարհայինի տարիներն էին։ Նշանի կրպակին դիմաց դպրոց կար, ուր տեղակայուած էին ֆրանսացի զինուորները։ Նշանը գացած է անոնց մօտ։ Ֆրանսիացի զինուորականներու ղեկավարը 20 տարեկան երիտասարդ էր։

«Այն ժամանակ հայրս ցոյց տուած էր գերմանացի զօրավարի այցեքարտը։ Ֆրանսացին պարզապէս ապշած ու ըսած է, որ կ'օգնէ։ Անոնք միասին զօրավարի մօտ գացած են»,-ըսած է  Պահատուրեանը:

 

Նշանը այս հարցով օգնութիւն խնդրած է գերմանացի զօրավարէն, որ իր խօսքին տէրը եղած է: Առաւօտեան 60 ընտանիքի անդամները (մեծ մասամբ հրեաներու) նստած են Գերմանիա ուղեւորուող գնացք, բայց միւս կողմէն գերմանացի զինուորականներու օգնութեամբ դուրս եկած են գնացքէն։

«Մէկ կտոր հայկական սուճուխն աւելի քան 200 մարդու կեանք փրկած է», - կատակած է Պահատուրեանը եւ աւելցուցած, որ հայրը յաճախ կը պատմէր այդ պատմութիւնը, բայց իրենք այն ժամանակ առանձնապէս ուշադրութիւն չէին դարձներ անոր։

Նշանը մահացած է 1990 թուականին։ Յուղարկաւորութեան օրը որդին նամակ ստացած է Լիոնի քաղաքապետարանէն, ուր Քաղաքապետը կը խնդրէր, որ ճաշէն ետք որդին խանութի դիմաց գտնուող դպրոցը երթայ։ Դահլիճին մէջ աւելի քան 100 մարդ հաւաքուած էր:

«Քաղաքապետը ներկաներէն մէկուն մետալ յանձնեց Հոլոքոսթի ժամանակ բազում հրեաներու կեանքը փրկելուն համար։ Սկիզբը մենք չհասկցանք` ով է այդ մարդը։ Բայց ան բեմ բարձրացաւ ու բոլորին պատմեց հօրս պատմութիւնը», -ըսած է Պահատուրեան, նշելով, որ պարզուած է, որ ան այդ 20-ամեայ ֆրանսացի զինուորն էր, որ Նշանին հետ գերմանացի զօրավարին մօտ գացած էր։

2006 թուականին խանութի հրապարակն ու փողոցը վերանուանած են Նշան Պահատուրեանի անունով։



Լաուրա Սարգսեան 

Sputnik Արմենիա