image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան.Ընտրութիւններէն ետք պատերազմի բռնկման վտա՞նգ

Լիբանան.Ընտրութիւններէն ետք պատերազմի բռնկման վտա՞նգ

Միջին Արեւելքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող գարգացումները, Իսրայլ-Իրան բացայայտ հակամարտութիւնն ու Իսրայէլի մէջ օրերս պատերազմ յայտարարելու շուրջ վարչապետին եւ Պատերազմի նախարարին լիազօրութիւններ ընձեռող օրէնքի հրապարակումը մտահոգութեան ալիք բարձրացուցած է տարածաշրջանին մէջ, որուն «Ալ Ժատիտ» կայանին կողմէ հրապարակուած յօդուածով անդրադարձած է գրող, վերլուծաբան Քասէմ Քասիր:

Գրողը նշած է, որ Իսրայէլ-Իրան հակամարտութիւնը, որ երկար տարիներու պատմութիւն ունի, պիտի սրի անկախ լիբանանեան ընտրութիւններու արդիւնքներէն կամ այլ զարգացումներէ, եւս ամենայն հաւանականութեամբ նշուած հակամարտութեան կռուադաշտերէն մէկը Սուրիա պիտի հանդիսանայ:

Գրողը կարծիք յայտնած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ, երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնը բաց պատերազմի պիտի չվերածուի, ելլելով կողմերու շահերէն, որովհետեւ հակառակ պարագային պատերազմին մէջ պիտի ընդգրկուին նաեւ շարք մը միջազգային ուժեր, ինչպիսիք են Ռուսիան, Ամերիկան եւ Եւրոպան:

Քասէմ Քասիրի կարծիքով, տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրում կը սպասուի նաեւ մայիսի կէսերուն, պայմանաւորուած ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ իրանեան միջուկային նախագիծի նկատմամբ դիրքորոշման հրապարակումով: Այս առթիւ գրողը շեշտած է, որ թէ' Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն, թէ' Գերմանիոյ խորհդական Մերքէլ դէմ են լարուածութեան սրումին:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, վերլուծաբանին կարծիքով, անոնք պատճառ պիտի չդառնան լարուածութեան սրման, որովհետեւ բոլոր ուժերը կը գիտակցին այն ճշմարտութեան, թէ տարածաշրջանի մէջ բռնկելիք որեւէ հակամարտութիւն կրնայ կործանարար դեր ունենալ ամբողջ տարածաշրջանին համար: