image

Լիբանանի ընտրութիւնները պիտի յետաձգուի՞ն

Լիբանանի ընտրութիւնները պիտի յետաձգուի՞ն

Լիբանանցի քաղաքագէտներու կարծիքով, վերջերս նախարար Ճուպրան Պասիլի յայտարարութեան հետեւանքով բարձրացած աղմուկէն ետք, հակառակ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն, դժուար պիտի ըլլայ  քաղաքական դաշտն իր նախկին վիճակին վերադարձելու եւ խորհրդարանական ընտրութիւններն իրենց որոշուած ժամկէտին կազմակերպելու:

«Lebanon 24» կայքին համաձայն, բազմաթիւ են խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառներն ու մեծ է ներկայիս գործող օրէնսդրութեան բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը, սակայն կողմերէն եւ ոչ մէկն այդ համարձակութիւնն ունի նման յայտարարութեամբ հանդէս գալու, խուսափելով ժողովուրդի զայրոյթէն:

Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանի երկիներուն, կայքը նշած է, որ Սէուտական Արաբիա ոչ մէկ հետաքրրութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նկատմամբ, հակառակ անոր, որ սէուտամէտ ներքին ուժեր զգալիօրէն չափազանցուած վերաբերմունք կը ցուցաբերեն: