Այսօր պիտի կայացուի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Ընտրութիւնները, իրենց թեկնածութիւնը դրած են երեսփոխաններ ՝ Զօր. Միշէլ Աուն եւ Սլէյման Ֆրանժիյէ: Վերջին օրերուն եղած խմորումներուն եւ յատկապէս երկրի սիւնիի համայնքի առաջնորդ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Աունի թեկնածուութիւնը որդեգրելէն ետք բանակի նախկին հրամատանատարին նախագահ դառնալու յոյսերը կը դառնան գերակշիռ: Ճիշդ է, որ խորհրդարանին մէջ կան ուժեր, որոնք կտրականապէս դէմ են Աունին, բայց եւ այնպէս արագ հաշիւ մը ընելով յստակ կը դառնայ, որ Աուն պիտի ստանայ առնուազն 65 քուէ, բան մը, որ կրնայ ապահովել իր Պաապատյի նախագահական պալատ հասնիլը:
Աունի անունին հանդէպ ստեղծուած այս դրական մթնոլորտը պայմանաւորուած է մի քանի հանգամանքներով, որոնց ամէնէն առաջնայինը շրջանային համաձայնութեան մը ուրուագիծն է: Ուրագիծ կ'ըսեմ, որովհետեւ այդ համաձայնութեան երկու հիմնական կողմերը ՝ Թեհրան եւ Րիատ այս մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն կը կատարեն:
Ինքը նախագահական գլխաւոր թեկնածուն ՝ Զօր. Միշէլ Աուն երբեք ալ պատրաստ պիտի չըլլար ընտրութեան նիստի մը ներկայանալ, այնքան ատեն, որ այդ երկու հովանաւոր կողմերուն յստակօրէն երեւելի «կանաչ լոյս»ը չըլլար:
Յիշեցման կարգով պէտք է նշել, որ երկուշաբթի օրուան նիստը պիտի ըլլայ 46-րդը եւ այնցնող բոլոր նիստերուն ընթացքին Աուն եւ իր գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք» պլոքի անդամ երեսփոխանները «լրջութեամբ» չմօտեցան ընտրական, որեւէ նիստի:
Այս բոլորէն բացի պէտք է նաեւ ըսել, այսօրուան ընտրութիւնները կ'առանձնացուին եւ կը տարբերուին անցնող 20 տարիներուն ընտրութիւններէն, որովհետեւ Աունի թեկնածութիւնը «դուրսէն» պարտադրուած թեկնածուութիւն մը չէ, այլ ինչպէս Լիբանանցիները կ'ըսեն Made In Lebanon թեկնածուութիւն է:
Խօսելով խորհրդարանին մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութեան մասին պէտք է նշել, որ Աունին իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն, «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի, «Հէզբոլլահ»ի , «Լիբանանեան ուժեր»ու «Տէմոքրատական հանդիպում» եւ Աունի առաջնորդած «Ազատ ազգային հոսանք» պլոքներու երեսփոխանները: Եթէ այս պլոքներու անդամ երեսփոխաններու թիւը, արդէն յստակ կը դառնայ որ Աուն պիտի ստանայ ընտրուելու համար անհրաժեշտ 65 քուէները:
Շաբաթ օր շրջանառութեան մէջ եղած տեղեկութիւններու համաձայն չի բացառուիր նաեւ, որ երկրորդ թեկնածուն ՝ երեսփոխան Սլէյման Ֆրանժիյէ յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը եւ լքէ ընտրական մրցավազքը: Այս մասին մասնաւորապրէս գրած է «Ալ Ախպար» պարբերականը յայտնելով, որ Ֆրանժիյէի մօտիկ աղբիւրներ, իրենց թեկնածուին ընտրավազքէն հրաժարելու մասին խօսելով ըսած են, թէ երեսփոխանը մտահոգ է, որ իր ընտրութիւններուն արդիւնքով չըստանայ նոյնիսկ, իր ամէնէն «ոխերիմ հակառակորդ» Սամիր Ժաաժայի ստացած քուէները եւ այդպէս «վատ վիճակ»ի մը մատնուի: Յիշեցման կարգով ըսեմ, որ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժա 2014 -ին (երբ Աունի գլխաւոր թեկնածուն էր) ստացաւ քուէներ:
Կայ նաեւ ընտրական նիստը «թռցնելու» վտանգը, որուն հիմնական ջատագով կրնայ խորհրդարանի նախագահը ըլլալ: Նէպիհ Պըրրի, որ առաջին օրէն ընդդիմացած է Աունի թեկնածուութեան եւ հակառակ անոր, որ յայտարարած է, թէ պիտի ապահովէ նիստին օրիականութիւնը
դժգոհ է Աունի անուան շուրջ վերջին օրերուն մեծ թափ ստացած դրական տրամադրութիւններուն:
Այս առումով եւ ըստ վերլուծաբան Շարլ Արպիտին ընտրական նիստը կրնայ ձախողիլ տարբեր գործօններու ի մի բերումով:
Արպիտ նաեւ ըսած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները եւս մեծապէս դժգոհ են Աունի թեկնածութիւնէն ու մինչեւ այս պահը անոնք «անվստահութիւն» մը ունին, ասկէ 26 տարի առաջ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Էսատի հասցէին անարագալից բառեր արտասանած եւ Լիբանան տեղակայուած սուրիական զօրքերուն դէմ պատերազմ հռչակած Աունին հանդէպ:
Սուրիական իշխանութիւններուն սրտնեղումը միայն այդ պատմական փաստով չի պայմանաւորուիր, այլ Աունի Թաէֆի համաձայնագրին դէմ ըլլալուն: Գաղտնիք ալ չէ, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն «սիրելի» թեկնածուն Սլէյման Ֆրանիյէն է, որ կը համարուի նախագահ Պէշշար Էսատի թիւ մէկ քրիստոնեայ դաշնակիցը:
Ուրեմն այսօր կայացուելիք ընտրական նիստին առընթեր կան նաեւ «չերեւացող» գործօններ, որոնք կրնան ձախողութեան տանիլ եւ «ցրել» երկրին մէջ անցող օրերուն երեւցող դրական մթնոլորտը:
Խօսելով Արեւմուտքի Լիբանանի ընտրական արշաւին վերաբերեալ ունեցած դերին մասին պէտք է ըսել, որ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի համար, եթէ ընտրութիւններ կայացնելը այդքան ալ անհրաժեշտ չէ, ապա կարեւոր է ամէն գնով պահպանել Լիբանանի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Տարբեր առիթներով այս մասին արտայայտուած եմ, ու հզօր վերլուծական միտք ունենալի կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ ինչպիսի լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ Լիբանանի մէջ:
Այդ լարուածութիւնը կը պայմանաւորուի սիւննի- շիիթ խոր անցեալէն եկող հակակրանքով եւ «սնունդ» կը ստանայ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան ապաստանած աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն (մեծ մասամբ սիւննիներ) գաղթականներով: Այդ փախստականներուն ջախջախիչ տոկոսը Սուրիոյ գործող իշխանութիւններուն դէմ են ու տակաւին անոնց կարեւոր մէկ մասը զինուած են եւ այս կամ այն ձեւով առնչութիւններ ունին Սուրիա- Լիբանան սահմանային լեռնային շրջաններու մէջ տեղակայուած իսլամիստ խմբաւորումներուն հետ:
Խօսելով հայ երեսփոխաններուն նախագահական ընտրութեան օրակարգին վերաբերեալ ունենալիք ընդհանուր կեցուածքին մասին պէտք է նշել, որ շատ հաւանական է, որ խորհրդարանի անդամ, բոլոր վեց հայ երեսփոխաններն ալ շատ հաւանաբար իրենց քուէն տան Զօր. Միշէլ Աունին:
Այս կարծիքին է Պէյրութի հայ երեսփոխան եւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ՝ երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան: Գալփաքեան, որ այս թեմայով հարցազրոյց մը տուած է «Արեւելք» կայքին ըսած է ՝ ««Ի հարկէ, այն հայ գործընկերները, որ «Մուսթաքպալ»ի պլոքին անդամ են, ինչպէս Սերժ Թուրսարգիսեանը, որ նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան երկրորդ երեսփոխանն է, ինչպէս նաեւ՝ Ժան Օղասապեանը պիտի քուարկեն Զօր. Աունին: Մնացեալ հայ երեք երեսփոխաններէն երկուքը արդէն Աունի պլոքին մաս կը կազմեն, իսկ երրորդը որ Շանթ Չինչինեանն է, «Լիբանանեան ուժեր»ու պլոքին անդամ է եւ իրենք եւս զօրակցող են Աունին: Հետեւաբար վեց հայ երեսփոխանները շատ մեծ հաւանականութեամբ ի նպաստ Աունին պիտի քուէարկեն»: Հնչակեան երեսփոխանը, չէ թաքցուցած , որ իրենք եւս մեծ վերապահումներ ունէին Աունի անուան հանդէպ, բայց իրենց գլխաւոր գործընկեր եւ դաշնակից ՝ Սաատ Հարիրիի առած որոշումէն ետք յարմար նկատած են «քալել Հարիրիի որոշումով»:
Բնականաբար այդ վերապահումները կապ ունին մօտիկ աննցեալին Աունի ունեցած կեցուածքներուն հետ: Խօսքը անշուշտ Թաէֆի համաձայնագրի հանդէպ Աունի ունեցած հակասական կեցուածքին մասին է, որ Գալփաքեանի ըսելով այսօր արդէն փարատած է:
Գալփաքեանի նշած անուններուն մէջ կայ «Ալ Մուսթաքպալ» պլոքի անդամ Ժան Օղասաբեանին անունը, որ ըլլալով «հաւատարիմ» անդամը այդ պլոքին նոյնպէս պիտի քուարկէ յօգուտ Աունին: Նոյնը կարելի է ըսել Պէյրութի հայ կաթողիկէ աթոռի երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանին մասին եւ ան եւս համարուելով ՝ ՍԴՀԿ-ի երկրորդ երեսփոխան եւ համարուելով Հարիրիի «մօտիկ» երեսփոխան մը կ'ակնկալուի նաեւ, որ նոյնը ընէ եւ քուէարկէ ՝ Զօր. Աունին: «Լիբանանեան ուժերու» պլոքի եւ Զահլէ շրջանի երեսփոխան Շանթ Չինչինեան ըլլալով անդամը քրիստոնեայ պլոքին, իր դիրքին համահունչ ՝ պիտի քուէարկէ Աունին:
Կը մնան ՀՅԴ-ի երկու երեսփոխանները ՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան, որոնք անդամ են Աունի գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք» պլոքին եւ Աունի կազմած եւ քաղաքական մեծ կշիռ հանդիսացող պլոքին կազմութիւնէն ասդին կը համագորղակցին Աունին հետ եւ կը համարուին քրիստոնեայ առաջնորդին հաւատարիմ դաշնակիցները:
Այստեղ իրաւացի ըլլալու համար պէտք է նշել, որ հակառակ անցեալ հանգրուաններուն Դաշնակցութեան Հարիրիի հետ ունեցած «բախում»ին շնորհիւ կուսակցութեան եւ յատկապէս երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի տարած ճիգերուն Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ «լեզու գտնել» Հարիրիին հետ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան նոր առիթներ ստեղծել:
Ճիշդ է, որ խորհրդարանին մէջ եղած հայկական քուէները որոշիչ քուէներ չեն: Սակայն դրական արժէք մը պիտի հանդիսանայ, բոլոր հայ երեսփոխաններուն ունենալիք կեցուածքը:
Լիբանանի արդի պատմութեան ամէնէն թէժ փուլերուն հայութիւնը ընդհանրապէս եւ քաղաքական կուսակցութիւնները մասնաւորապէս, միշտ ալ որդեգրած են երկրի նախագահին «կողքին» ըլլալու գործելաոճը: Ճիշդ է, որ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ յատնուիլը նոր ձեւաչափերու եւ ընկալումներու առիթ հանդիսացաւ, բայց եւ այնպէս հայութեան ճնշիչ տոկոսը մնաց «հաւատարիմ» իր վաղեմի սկզբունքներուն:
Հեռու մնալ խնդրայարոյց կեցուածքներէ, հաշուի առնել սուրիահայութեան պարագան եւ ներքին սուր տարակարծութիւններուն մէջ կողմ չբռնել: Այս «ոսկի կանոններուն» շնորհիւ է, որ հայութիւնը, նոյնիսկ ամէնէն ծանր օրերուն պահպանել գաղութի գոյութիւնն ու անվտանգութիւնը: Իսկ այսօր, երբ հայութիւնը ներկայացնող գլխաւոր ուժերուն մօտիկ համարուող երկու հիմնական կողմերը (իսլամ- սիւննի եւ քրիստոնեայ- մարոնի) որոշած եւ վճռած են երկրի քաղաքական կեանքը դուրս հանել լճացած վիճակէն:
«Մենք այս որոշումին յանգեցանք, որովհետեւ երկրի վիճակը կայուն չէ, նախագահական աթոռը կարելի չէ թափուր պահել այսքան երկար:Երկրի տնտեսութիւնը եւ ընդհանրապէս պետական կառոյցները փլուզման եզրին հասած են, եւ այլեւս կարելի չէր սպասել:Այս մտահոգութիւններէն մեկնած է որ հասանք այս եզրակացութեան : Հոս կը բաժնենք Սաատ Հարիրիի խիզախ որոշումը, որ անգամ մը եւս, եկաւ ապացուցելու, որ իր մտահոգութիւնը Լիբանանն է: Եթէ իր անձնական շահերուն մասին մտածէր, այս որոշումը իր ժողովրդականութիւնը նուազեցնող քայլ մը կը նկատուէր, բայց ան անտեսելով այդ իրողութիւնը,նախընտրեց երկրի անդորրութիւնը» այս խօտսքերով կը բացատրէ Գալփաքեան, իրենց Աունը ընտրելու որոշումը եւ Սաատ Հարիրիի ` Աունի թեկնածուութիւնը որդեգրումը կը համարէ խիզախ քայլ:
Իրողապէս այդպէս է, ու այս ընդհանուր իրադրութեան մէջ ոչ միայն հայութեան այլ ամբողջ Լիբանանի կեցուածքը նոյն ուղղութեամբ պիտի յառաջանայ:
Ներկայ հանգրուանը կարեւոր հանգրուան է, ու բաւական երկար տեւած նախագահական պարապէն ետք երկիրը կը մտնէ նոր փուլ, որ յուսալի, ակնկալիքներով լեցուն եւ կայունութեամբ զարգանալու բոլոր հեռանկարները ունի:
Սպասենք:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/ Պոլիս