Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներուն թիւը հասաւ 7-ի։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ բոլոր 7 հիւանդները կը գտնուի Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրիի» անուան հիւանդանոցին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը «Քորոնա» վարակի տարածման դէմ պայքարելու նպատակով յարմար նկատեց երկրի բոլոր վարժարանները փակ պահել մինչեւ յառաջիկայ 8 մարտը։