Ռուսաստանի մէջ արդէն 2 օր շարունակ «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու թիւը կը գերազանցէ 10 հազարը: Այս մասին կը հաղորդէ Interfax գործակալութիւնը։ Ռուսաստանն այժմ կը գտնուի «Քորոնա» ժահրի արձանագրուած դէպքերու թիւով աշխարհի 7-րդ հորիզոնականին։
Ընդհանուր առմամբ՝ ՌԴ-ի մէջ մինչ օրս արձանագրուած է 145․268 վարակման դէպք․ անոնց 50 տոկոսի մօտ հիւանդութեան ախտանիշներ չկան։ Հիւանդներէն 18․095-ը ապաքինուած է, 1356-ը՝ մահացած։ Վարակման դէպքերու 50 տոկոսը բաժին հասած է Մոսկուային։ Երկրին մէջ մինչ օրս կատարուած է «Քորոնա» ժահրի 4 միլիոնէն աւելի քննութիւն։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ