Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան գլխաւոր վարչութիւնը ձերբակալած է սուրիացի Խալէտ Է., «Իսլամական Պետութիւն» եւ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումներուն անդամակցելու մեղադրանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը, նշելով, որ այս մասին յայտարարութեամբ մը յայտնած է Ազգային անվտանգութեան լրատուական եւ ընդհանուր յարաբերութիւններու բաժինը: Վտանգաւոր ահաբեկիչի ձերբակալումը իրականացած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս, հետախուզական աշխատանքներու արդիւնքով:
Հարցաքննութիւններու ընթացքին վերջինս խոստովանած է, որ մասնակցած է բանակին դէմ մղուած շարք մը կռիւներու, ուր տասնեակ զինուորներ զոհուած են:
Մեղադրեալին դէմ դատարանը կալանաւորման որոշում կայացուցած է, մեղադրելով զինք ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու եւ զինուորներ սպաննելու մէջ: Ռազմական դատախազութեան որոշմամբ, ահաբեկիչը յանձնուած է բանակի հետախուզական վարչութեան: