image

Լիբանանի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման անդամը ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու հրամանին կը սպասէր

Լիբանանի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման անդամը  ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու հրամանին կը սպասէր

Լիբանանի Ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր վարչութիւնը յայտարարած է, որ 28 հոկտեմբերին Թրիփոլիի տեղեկատուութեան բաժանմունքը 2001 թուականի ծնունդ Լիբանանի քաղաքացի մը ձերբակալած է, որ հարցաքննութեան ժամանակ խոստովանած է, թէ երկու տարի առաջ միացած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Ձերբակալեալը խոստովանած էր նաեւ, որ կապ հաստատելով խմբաւորման շարք մը անհատներու հետ, համոզուած է «Ճիհատ»ի գաղափարով, եւ որոշած է անձնասպանութեան գործողութիւն իրականացնել ի շահ ահաբեկչական խմբաւորման:

Նշուած նպատակին համար ան համացանցէն տեղեկութիւններ սկսած է հաւաքել ռումբեր պատրաստելու ձեւերուն մասին, ինչպէս նաեւ հետեւած է խմբաւորման կողմէ անցեալին իրագործուած սպանութեան գործողութիւններու տեսագրութիւններուն:

Իր ձերբակալութենէն շաբաթ մը առաջ ան կապ հաստատած էր Սուրիոյ մէջ գործող «Տահէշ»ի անդամներուն հետ, ցանկութիւն յայտնելով Լիբանանի մէջ անձնասպանական գործողութիւն իրականացնելու, խնդրելով այդ նպատակի իրագործման համար ուղղութիւն տալ իրեն, իսկ անհնարութեան պարագային, խնդրած է անոնցմէ օգնել իրեն, որպէսզի տեղափոխուի Սուրիա ու միանայ ահաբեկչական խմբաւորման շարքերուն: Ձերբակալութիւնը վրայ հասած է նախքան պատասխան նամակին տեղ հասնիլը: