image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի գլխատուած զինուորի հայրը սպաննած է Մոհհամատ Հոճայրին

Լիբանանցի  գլխատուած զինուորի հայրը սպաննած է  Մոհհամատ  Հոճայրին

Ծանր սպաննութիւն մը արձանագրուած է Լիբանանի  մէջ: Սպաննեալը կը կոչուի  Մոհամմատ Հոճայրի, եւ անոր  դիակը գտնուած է    լիբանանեան բանակի  գլխատուած զինուոր ՝ Մոհամմատ Համիյէի  Թարեա շրջանին  մէջ գտնուող  գերեզմանատան  մէջ:  Այս  մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ  նոյնպէս կը յայտնեն, որ սպաննուողը   Արսէլի  հեղինակութիւններէն համարուող     Մուսթաֆա  Ալ Հոճայրիի (յատնի ՝ Ապու Թաքիյէ անունով)  եղբօր որդին է: Աւելի ուշ  պարզ դարձած է, որ Հոճայրի սպաննուած է   լիբանանեան  բանակի   զինուոր   Մոհամմատ Համիյէի հօր ՝ Մաարուֆ Համիյէի  ձեռամբ: Համիյէի  այս մասին  յայտնած է լրատուական աղբիւրներուն  նշելով նաեւ, որ չի պատրաստուիլ յանձնուիլ  օրինապահ մարմիններուն,  այնքան  ատեն, որ  չէ լուծած  իր որդւոյն վրէժը եւ չէ սպաննած  Մուսթաֆա Հոճայրին ու անոր եղբայրը: Նշենք, որ  Մուսթաֆա   Հոճայրիի անունը   հրապարակ ելաւ  լիբանանեան բանակի զինուորներու «Ալ Նըսրա» ճակատին կողմէ  առեւանգման   օրերուն: Աւելի ուշ Ապու Թաքիյէ  կարեւոր դեր ունեցած էր   ահաբեկիչ  զինեալներուն եւ  Լիբանանի   օրինապահ մարմիններուն  միջեւ   եղած բանակցութիւններուն  առընթեր, որուն արդիւնքով  բանակի  տասնեակ  զինուորներ  ազատ արձակուեցան: Այդ օրերուն  էր նաեւ, որ Մոհամմատ Համիյէի մարմինը  յանձնուեցաւ  անոր պարագաներուն:  Համիյէ   գլխատուած էր ահաբեկիչ  զինեալներուն ձեռամբ եւ անոր գլխատման  սարսափելի տեսարանը  տարածուած էր  ընկերային  ցանցերու միջոցաւ: Յարանուանական եւ  ընտանեկան վրէժի հիմքով եղած այս սպաննութիունը կրնայ վտանգաւոր   իրադրութիւն ստեղծել մասնաւորապւէս Արսէլ աւանին շուրջ: Արսէլը կը համարուի  լիբանանցի  սիւննի համայնքի  գլխաւոր կեդրոնատեղիներէն մին ու առաջին անգամը չէ, որ  նման դէպքեր կը գրանցուին այդ շրջանին մէջ:  Արսէլի մէջ էր նաեւ, որ լիբանանեան բանակի տասնեակ զինուորներ առեւանգուած էին Սուրիոյ պատերազմին մասնակից  ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ:

 

Լուսանկարը ՝ մէջ Լիբանանեան  բանակի գլխատուած զինուոր Մոհամմատ  Համիյէ